Փրոֆ. Ռիչարտ Յովհաննիսեան Աւստրալիոյ մէջ
By armenia.com.au | Monday, 22 July 2013
Փրոֆ. Ռիչարտ Յովհաննիսեան ընթացք պիտի տայ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեայ Յիշատակութեան ոգեկոչումներուն Աւստրալիոյ մէջ՝ Սիտնի և Մելպուռն:
Փրոֆ. Ռ. Յովհաննիսեան յառաջիկայ Օգոստոս ամսուայ սկիզբը Սիտնիի և Մելպուռնի մէջ պիտի ներկայացնէ երկու դասախօսութիւն որպէս սկիզբ Աւստրալիոյ մէջ կայանալիք Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումներուն, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 2015:Ռ.Յովհաննիսեան պատուոյ փրոֆ. Դասախօս է Քալիֆորնիա համալսարանին մէջ Լոս Անճելոս (UCLA) ԱՄՆ : Ան հանրածանօթ է հայ և օտար շրջանակներու մէջ որպէս հեղինակաւոր պատմաբան և Հայկական Ցեղասպանութեան հարցի առաջին հետազօտողներէն մին:Ռ.Յովհաննիսեան ՝՝Փնտռելով Պատմական Արեւմտեան Հայաստանը՝՝ թեմայով դասախօսութիւն պիտի ներկայացնէ Սիտնիի մէջ Կիրակի 4 Օգոստոսին իսկ երկուշաբթի 5 Օգոստոսին՝ Մելպուռն:Դասախօսութիւններու այս ձեռնարկները կազմակերպուած են Աւստրալիոյ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման Միացեալ Յանձնախումբի կողմէ, որ կազմուած է հետեւեալ ներկայացուցչական մարմիններէ՝ նախագահութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպս. Նաճարեանի.Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ եկեղեցիՀայ Կաթողիկէ եկեղեցիՀայ Աւետարանական եկեղեցիՍոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն – ՍԴՀԿՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն – ՀՅԴՌամկավար Ազատական Կուսակցութիւն – ՌԱԿՀայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն – ՀԲԸՄՀամազգային Հայ Կրթական և Մշակութային Միութիւն – ՀՀԿՄՄՎերոյիշեալ ձեռնարկներուն Յանձնախումբը հանրութեան պիտի ներկայացնէ յաւելեալ տեղեկութիւններ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ծրագիրներու մասին,որոնք տեղի պիտի ունենան Աւստրալիոյ մէջ:Սիտնիի դասախօսութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ կրնաք ստանալ ներքեւ տրամադրուած ծանուցումէն, իսկ Մելպուռնի համար ծանուցում պիտի թողարկուի շուտով: