Տարեկան Պարահանդէսով Մեկնարկուեցաւ Համազգային Գօլստըն ճեմարանի 25 Ամեակի Ձեռնարկները

By armenia.com.au | Tuesday, 05 April 2011



Սիտնի- Շաբաթ 19 Մարտի երեկոյեան «Նովոթել Սիտնի Մանլի Փասիֆիք» պանդոկին մէջ մեկնարկուեցաւ Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի 25 ամեակի ձեռնարկներու շարքը:

Ճեմարանի ծնողներն ու բարեկամները ողողած էին գեղատեսիլ պանդոկի սրահը: Ներկայ էին մեծ թիւով բարերարներ, խնամակալութեան անցեալի ու ներկայի անդամներ, ուսուցիչներ ու ճեմարանի շրջանաւարտներ:

Ճեմարանի ուսուցիչներէն Պրն. Կրէկ Շահրոզեան ձեռնհասօրէն վարեց օրուան բեմավարութեան պաշտօնը: Ան իր բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց ճեմարանի խնամակալութեան անդամ Պրն. Վիգէն Գալօղլեանը, փոխանցելու խնամակալութեան խօսքը:

Պրն. Վ. Գալողլեան անդրադարձաւ աւելի քան 25 տարիներ առաջ գաղութի ղեկավարութեան տեսիլքին, որ մտայղացաւ ամէնօրեայ վարժարանի ստեղծումը: Ան փաստացի տուեալներով ներկայացուց այն համընդհանուր խանդավառութիւնն ու անկէ յառաջացած կենդանի գործը, որ ծնունդ տուաւ Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանին: Պրն. Վ Գալօղլեան վերյիշեց անունները ճեմարանի բարերարներուն ու անցեալի խնամակալութեան անդամներուն, մեծարեց անոնց նուիրական կեցուածքն ու աշխատանքը ու եզրափակեց իր խօսքը յայտարարելով, որ այսօր Աւստրալահայութիւնը կրնայ ինքզինք հպարտ զգալ, որ ունի հայկական ճեմարան այս գաղութին մէջ:

Պրն. Վ. Գալողլեանի խօսքերը ամբողջացուցին պաստառին վրայ ցուցադրուող պատկերաերիզ մը, ուր նկարահանուած էին 25 տարիներու ընթացքին ճեմարանի յատկանշական օրերն ու ձեռնարկները եւ ի մասնաւորի երկու հողերու վրայ կատարուած բացման հանդիսութիւնները:

Պաշտօնական այս բաժնի աւարտէն ետք շարունակուեցաւ պարահանդէսը, ուր ներկաները պարերով յիշարժան օր մը անցուցին:

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ աճուրդ ու վիճակահանութիւն, իսկ խանդավառ մթնոլորտէն առաջնորդուած շատեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարեցին, որոնց ընդհանուր գումարը հասաւ շուրջ երեսուն հազար տոլարի:

Եւ այսպիսով Համազգային Գօլստըն ճեմարանը մեկնարկը կատարեց իր 25 ամեակի ձեռնարկներուն, որոնք տարբեր տեսակի ձեռնարկներով ու հանդիսութիւններով պիտի յիշատակուին այս տարուան ընթացքին:

Վարձքը կատա՛ր, բոլոր կազմակերպիչ մարմիններուն եւ ի մասնաւորի ծնողական յանձնախումբին, որոնց ժրաջան գործունէութեան արգասիքն էր 25 ամեակի այս յիշարժան երեկոն:

comments

Advertisement