* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Համազգայինի Գօլստըն Ճեմարանին մէջ Յիշատակուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան 93-րդ տարեդարձը եւ Մեծ Հայրերու ու Մայրերու Օրը

Tuesday, 07 June 2011     |    |   

Source: armenia.com.au
Tags: galstaun college, australia
Ուրբաթ 27 Մայիսի առաւօտեան տարբեր տեսք ստացած էր Համազգայինի Գօլստըն Ճեմարանը. աննախընթաց ոգեւորութիւն մը կը տիրէր մանաւանդ փոքրերուն մօտ, որոնք կը զգային թէ արտասովոր օր մըն էր եւ իրենք պիտի վայելէին մեծ հայրերու ու մայրերու ներկայութիւնը:

Ճշդուած ժամէն առաջ, վայելելու համար իրենց թոռներու աշխատանքն ու ներկայութիւնը, մեծաթիւ մեծ հայրեր ու մայրեր սկսան ժամանել ճեմարան եւ այցելելէ ետք իրենց թոռներուն դասարանները, անոնք սկսան համախմբուիլ Նալպանտեան սրահը, ուր տեղի պիտի ունենար օրուան պատշաճ յայտագիրը:

Կրթական բաժնի պատասխանատու Տիկ. Գ. Պլանտըն բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն բացուած յայտարարեց յայտագիրը: Մինչ ներկաները կը համտեսէին ծնողական յանձնախումբի համեղ ճաշերը, աշակերտները յաջորդաբար սկսան ելոյթ ունենալ: Ճեմարանի հայերէնի ուսուցչակազմի առաջնորդութեամբ, աշակերտները ներկայացուցին աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ յայտագիր, բաղկացած երգերէ, ասմունքներէ եւ փոքր թատերական արարներէ:

Զգալի էր մեծ հայրերու ու մայրերու հոգեկան ուրախութիւնը, ներկայացուած իւրաքանչիւր ելոյթի ընթացքին:

Յայտագրի վերջին բաժինով աշակերտները ունեցան հայոց պատմութեան դաս, նուիրուած Մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի անկախութեան:

խանդավառուած օրուան մթնոլորտէն եւ գնահատելու համար իրենց թոռնիկներուն համար ճեմարանի կատարած մարդակերտման ու հայակերտման աշխատանքները, եղան մեծաթիւ նուիրատուութիւններ, որոնց գումարը հասաւ $3200: Իսկապէս զգացական էր տեսնել թէ ինչպէս մեր մեծ հայրերն ու մայրերը խնայելով իրենց օրապահիկէն գումարներ կը նուիրէին ճեմարանին, որովհետեւ վստահ էին որ նուիրեալ գործ կը կատարուէր հոն եւ իրենց թոռները կը մեծնային ազգային մաքուր ու ապահով միջավայրի մէջ:

Աւարտին հայերէն բաժնի պատասխանատու Պրն. Ասատուր Շուկայեանը անդրադարձաւ Մայիս 28-ի խորհուրդին եւ եզրակացուց թէ ճեմարանը միշտ ջանացած է այս օրը կապել մեծ հայրերուն ու մայրերուն հետ, որովհետեւ 1918-ին մեծ հայրերն ու մայրերն էին, որ ընդառաջելով Արամ Մանուկեանի ու Թովմաս Նազարբեկեանի կոչերուն իջան ռազմաճակատները եւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի յաղթանակներով կերտեցին հայաստանի անկախութիւնը:

Ան բեմ հրաւիրեց հայերէն բաժնի ուսուցիչները առ ի գնահատանք իրենց կատարած աշխատանքին համար, որոնք դիմաւորուեցան բոլորին կողմէ խանդավառ ծափահարութիւններով:

Աւարտին ան առողջութիւն մաղթեց բոլորին, յուսալով որ յաջորդ տարի անգամ մը եւս կը հանդիպին իրարու ու կը տօնակատարեն հայութեան յաղթանակի այս մեծ օրը:
Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement