40 Հազար Աւստրալիական տոլար Քեսապահայութեան օժանդակութեան

By armenia.com.au | Tuesday, 15 April 2014

Մեկնելով Չորեքշաբթի 26 Մարտ 2014-ի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Դրօ» Առանձնակի Կոմիտէի հաղորդագրութեան նշանաբանէն՝ «Աւստրալահայ գաղութը այստէղ է Սուրիահայութեան կողքին» անցեալ շաբաթավերջին Աւստրալահայ գաղութը կազմակերպած էր կարգ մը միջոցառումներ որոնց հասոյթը յատկացուցեցաւ Քեսապահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն:

Կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի վարչութեան , Համազգայինի , Հ.Օ.Մ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջանային վարչութիւններուն Կիրակի 6 Ապրիլ 2014-ին Սիտնիի Հայ մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը որուն ներկայ էին աւելի քան 150 հայորդիներ:

Ճաշկերոյթին բեմավարուհի ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամ ընկհ. Նարինէ Ագիլեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ապա շնոհակալական խօսքը ուղելով անոնց ըսաւ «մեր խորհին շնորհակալութիւնը Ձեզի սիրելի ներկաներ դուք որ օրեր առաջ , մեր կազմակերպած ցոյցի ընթացքին , կատրաեցիք ձեր բարոյական պարտականութիւնը իսկ այսօր ահաւասիկ ներկայ էք կատարելու ձեր նիւթական պարտաւորութիւնները մեր հայրենակիցնենրուն հանդէպ»: Ապա բեմավարուհին բեմ հրաւիրեց Քեսապահայութեան օժանդակութեան մարմնի ընդհանուր պատասխանատու Պրն. Նշան Պասմաճեանը փոխանցելու օրուայ պատգամը: Պրն. Պասմաճեան իր խօսքի ընթացքին ներկաներուն բացատրեց Քեսապահյութեան ներկայ իրավիճակին մասին եւ ամփոփ ձեւով խօսեցաւ Քեսապահայութեան օժանդակութեան մարմնի ծրագիրներուն մասին:

Նուիրատուութիւններուն կողքին ճաշկերոյթի ընթացքին ծախուեցան Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան պատրասած #SaveKessab ապառանջաները:

Ճաշկերոյթը ամբողջ հասոյթը՝ 10,000 Աւստրալիական տոլարը պիտի յատկացուի Քեսապահայութեան օժանդակութեան մարմնին:

Նոյն օրը Մելպուրնի մէջ գործող միութիւններու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ նման միջոցառում մը որուն հասոյթը՝ 18,000 Աւստրալիական տոլար եւս պիտի յատկացուի Քեսապահայութեան օժանդակութեան մարմնին:

Իր ունեցած բարոյական աջակցութեան կողքին Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւնը նաեւ ունեցաւ իր նիւթական ներդրումը Քեսապահյութեան օժանդակութեան մարմնին յատկացնելով 12,000 Աւստրալիական տոլար:

Ճիշդ է որ աշխհարասփիւռ հայութիւնը ցնցուած էր երբ լսեց Քեսապի մէջ պատահած դէպքերը սակայն նման ցնցումերը շրջանցելը երբէք դժուար պիտի չ'ըլլայ Ցեղասպանութենէ յարութիւն առած ժողովուրդին համար:

comments

Advertisement