Եւս անընդունելի արարք մը

By armenia.com.au | Thursday, 13 November 2014



Աւստրալիոյ ՀՅԴ <<Դրօ>> Ա. Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը՝

Չորեքշաբթի 12 Նոյեմբեր 2014ի Արցախի Պաշտպանական Բանակի պատկանող ուղաթիռին վրայ կրակ բացած են Ատրպէճանական Զինուած ուժերը որուն արդիւնքով ուղաթիռը վար ինկած է եւ անոր անձնակազմի երեք անդամները նահատակուած են:
Աւստրալիոյ ՀՅԴ <<Դրօ>> Ա. Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ այս ոճրագործութիւնը:

Զինադադարի այս խախտումը կու գայ հաստատելու շրջանի խնդիրներու խաղաղ լուծման Ատրպէճանական կողմի անպատրաստակամութիւնը:
Կոչ կ'ուղենք ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն զգաստացնել Ատրպէճանական կողմը եւ յատկապէս անոր վարչակարգի ղեկավար՝ Ալիյեւը խուսափելու համար շրջանի կայունութիւնը սպառնացող արկածախնդրութիւներէ:

ՀՅԴ <<Դրօ>> Ա. Կոմիտէ
Սիտնի - Աւստրալիա



comments

Advertisement