<<Վերանորոգենք Մեր Ուխտը Նոր Մարտահրաւէրներով>> Հ.Գայսէրեան

By Haig Kayserian - armenia.com.au | Friday, 09 January 2015



Ստորեւ կը ներկայացնենք Աւստրալիոյ ՀՅԴ <<Դրօ>> Ա. Կոմիտէի խօսքը ՀՅԴ 124րդ տարեդարձի եւ Աւստրալիոյ մէջ ՀՅԴ կառոյցի յիսնամեակի առիթով

Զօրաւար Անդրանիկ կ'ըսէր <<Իմ ազգը ճնշուածների ազգն է>>:

Բոլորս ականատես ենք, իբր անդամներ Անդրանիկի կոչած ճնշուած ազգին, թէ ճնշուածների ազգ մը կեանք կու տայ շատ մը հերոսներու:

Մեզմէ շատեր կարդացածեն եւ կը յիշեն մեր թագաւորութիւններու հերոսները, ինչպէս Մեծն Տիգրանն ու Տրթատը: Նոյնպէս կը յիշենք հերոս Վարդան Մամիկոնեանը:

Կը յիշենք դարաւոր Օսմանեան կայսրութեան կեանքի ընթացքին մեր յեղափոխական հերոսները, ինչպէս Գէորգ Չաւուշները, Սերոբ Աղբիւրնեը, Նիկոլ Դումանները, Դրօները, Նժդեհները, Անդրանիկները, Քրիստափորները, Ռոստոմները եւ Զաւարեանները:

Կը յիշենք Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը կերտող մեր մտաւորական հերոսները. Արամները, Վրացեանները եւ Խատիսեանները:

Կը յիշնենք նաեւ մեր Հայ Դատը յառաջ տանող պահանջատեր հերոսները, ինչպէս Բաբգէն Սիւնիները, Թէհլիրեանները եւ Լիզպոնի <<խենդերը>>:

Կը յիշենք մեր արդի պատմութեան հերոսները, ինչպէս Վիգէնները, Սիմոնները, Շահէնները, Թաթուլները, Կարօտները, Մհերները. որոնք ազատագրեցին Արցախը:

Կը յիշենք:

Կը յիշենք այս բոլոր մեր ազգային հերոսները, որ մեր ճնշուած ազգին տուին պէտք եղած պայքարի ոգին, եւ պէտք եղած հանգստութիւնը, որպէսզի շնչենք, որպէսզի ապրինք, որպէսզի գոյատեւենք եւ մնանք Հայ:

Մեր ազգը, եւ ինչու չէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ունեցած է բազմատեսակ հերոսներ. ինչպէս մտաւորականներ, կղերականներ եւ ազատամարտիկներ:

Այս հերոսները պայքարեցան երբեմն տարբեր միջավայրերու մէջ, երբեմն տարբեր զէնքերով, երբեմն տարբեր ժամանակամիջոցներու ընթացքին, սակայն միշտ ու միշտ պայքարեցան նոյն նպատակին համար՝ Պահել եւ պահպանել Հայ ազգը ընդմիշտ ճնշման դիմաց:

Այս նոյն, <<Պահել եւ պահպանել Հայ ազգը>> նպատակով, 50 տարիներ առաջ Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի հերաւոր ափերուն վրայ 12 Դաշնակցական ընկերներ ծառի մը տակ հիմը դրին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցին:

Պահ մը մտածենք...

Այս 12 ընկերները, բոլորը միջին արեւելքէն գաղթած, ձգտելով աւելի լաւ կեանք իրենց ընտանիքներուն համար, այն եզրակացութեան եկան որ ունէին աւելի առաջնահերթ պայքար քան իրենց հանգստութիւնը:

Յիշեցին Անդրանիկի խօսքը՝ <<Ամեն օր գլուխդ բարձին դնելուց եւ քննանալուց առաջ, յիշէք այդ օրը ինչ էք արել ձեր ազգին համար>>:

Այս մեր 12 ընկերները արիւն թափելու կարիքը չունէին այս ազատ եւ հիւրընկալ հողամասին վրայ: Բայց այսօր կը խոնհարինք իրենց առջեւ եւ անոնց կը ճանչնանք իբր մեր գաղութի հերոսները:

Ինչու՞ հերոսներ:

Որովհետեւ պահ մը երեւակայենք սիրելի հայրենակիցներ, եթէ մեր այս գաղութը չունենար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, եթէ չունենար ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւնները: Երեւակայենք պահ մը եթէ մեր այս գաղութը չունենար Հայ Դատի յանձնախումբը:

Արդեօ՞ք առանց այս բոլորին պիտի ունենար մեր գաղութը պահանջատիրական նոյն ոգին որ այսօր կը տեսնենք, կ'ելլէ ժողովրդային ցոյցերու պաշտպանելու մեր դատը, Արցախի իրաւունքները եւ Սփիւռքի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն խնդիրները ինչպէս վերջերս Քեսապի եւ Հալեպի Հայութեան:

Եւ աւելին... երեւակայենք մեր գաղութը չունենար Համագայինը իր ամենօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցներով, պարի միաւորներով, իր երգչախումբերով, եւ թատերախումբերով: Արդեօք այսօր ու՞ր կ'ըլլար մեր մշակոյթը: Այս խօսքը պիտի կարենայի՞նք Հայերէնով արտասանել: Պիտի ունենայի՞նք այս կրդօճախը որուն սրահին մէջ համախմբուած ենք այսօր:

Եւ աւելին... պահ մը երեւակայենք մեր գաղութը չունենար ՀՄԸՄ-ը, իր մարզական եւ սկաուտական խիտ շարքերով եւ պատմութեամբ: Արդեօք պիտի ունենայի՞նք այն միջավայրը որ քով-քովի պիտի բերեր երիտասարդութիւնը ուր կը մեծնան կարգապահ եւ տիպար Հայ արիներ եւ մարզիկներ:

Եւ աւելին... պահ մը երեւակայենք մեր գաղութը չունենար Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր առատ բարեսիրական աշխատանքներով եւ մանկամսուրով: Արդեօք պիտի կարենայի՞նք օգտակար դարնալ մեր Հայրենիքին երկրաշարժէն անմիջապէս ետք: Պիտի կարենայի՞նք համախմբել , ընդհարապէս տիկինները, Հայ ակումբներու մէջ ծառայելու իրենց ազգին եւ Հայրենիքին:

Այս բոլորը եթէ երեւակայեցինք, մենք երեւակայած պիտի ըլլանք սպիտակ ջարդի կատարեալ յաջողութիւնը՝ Ցեղասպան Թուրքին նպատակին հասնիլը:

Նոյն 12 հիմնադիր ընկերները եւ իրենց յաջորդող ղեկավար սերունդները, հիմնեցին եւ պահպանեցին մեր կուսակցութիւնը Աւստրալիոյ մէջ, հիմնեցին մեր ուղեկից միութիւնները Աւստրալիոյ մէջ, եւ այսօր... այս 50 ամեայ ջանքին շնորհիւ, մենք միասնաբար մեր համակիրներով յաղթահարած ենք սպիտակ չարդի ճնշումը, եւ Թուրքին պարտութեան մատնած ենք:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէն կը շնորհաւորէ մեր հիմնադիր ընկերներուն այս յոբելեանին առիթով, թէ՝ անոնց որ հոս մեզ հետ են եւ թէ՝ անոնց որ առ յաւէտ բաժնուած են մեզմէ:

Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն Սրբ. Եպս. Նաճարեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Մկրտիչ Մկրիտչեան

Հայաստանի եւ ԼՂ Հանրապետութիւններու ներկայացուցիչներ

Պատուարժան Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ

Յարգարժան Միութիւններու ներկայացուցիչներ

Խորհրդարանական Օրդ. Կլատիս Պէրէճիքլեան

Քաղաքապետ Պրն. Սարգիս Ետէլեան

Յարգելի Հիւրեր

Ընկերներ եւ Ընկերուհիներ

Եւ Սիրելի ներկաներ

Յանուն ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէին մենք այսօր կ'ուխտենք ձեր առջեւ, իբր ներկայ ղեկավարութիւնը ձեր ծոցէն ծնած կուսակցութեան, շարունակել այս սուրբ աշխատանքը:

Վերջին տարիներու մեր շարքերու երիտասարդակացումը փաստ է որ մեր պայքարը արժեւորելու վերջին 50 տարուայ աշխատնքը ընթացքի մէջ է:

Մեր երիտասարդական միութեան աճը՝ 25էն 70 անդամներու նաեւ փաստ է մեր այս ուխտին գործնականացման:

Ինչպէս նաեւ ուրախ ենք յայտարարելու թէ երկար տարիներ սպասելէ ետք այս տարի վերահիմնուեցինք Պատանեկան Միութեան մասնաճիւղերը Սիտնիի արեւմտեան շրջանի եւ Մելպուրնի մէջ:

Մեր մամուլը նաեւ զարթօնքի օրեր կ'ապրի: Արմենիա Մետիան իր ամսաթերթով, կայքէջով, բջիջայինի հեռախօսներու ծրագիրով, հեռատեսիլով եւ ռատիօ-ով հասանելի կը դարձնէ մեր խօսքը աւելի մեծ թիւով Հայորդիներու քան երբէք:

Մեր Հայ Դատի յանձնախումբը կ'արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ:

Չկայ դաշտային կամ նահանգային երեսփոխան կամ ծերակուտական մը որ լաւատեղեակ չէ մեր դատի մասին:

Արցախի հայութեան ինքորոշման իրաւունքները նաեւ նիւթ դարձած է տեղական կուսակցութիւններու ամենա-բարձրաստիճան նիստերուն:

Նիւո Սաութ Ուէլզ նահանգը ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը երկու տարբեր առիթներով, ճանչցած է Արցախը, եւ խորհրդարանէն 6 անդամներ անցեալ տարի այցելեցին Հայաստան եւ Արցախ Հայ Դատի յանձնախումբի հետ միասին:

Երբ մեր հայրենակիցները զանազան գաղութներու մէջ մեզ պէտք ունեցած են, Աւստրալիոյ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հասած է օգնութեան:

Վերջերս Սուրիոյ, Իրաքի եւ Արցախի, իսկ նախապէս Լիբանանի, Պարսկաստանի եւ միշտ ու միշտ Հայրենիքին: Մենք հպարտ ենք որ միշտ երկարած ենք մեր օգնութեան ձեռքը:

Մենք հպարտ ենք նաեւ Գօլստըն ճեմարանով, եւ զօրավիգ կը կանգնինք այս կարեւոր համազգային կրդօճախին որ այսօր կը յաղթահարէ իր բոլոր դժուարութիւնները եւ կը պատրաստէ մեր գաղութի ղեկավարները:

Հպարտ ենք մեր ուղեկից միութիւններով, որոնք բոլորը երիտասարդականցած են վերջին տարիներու ընթացքին եւ նուիրական ոգիով կը ծառայէն ազգի բոլոր շահերուն:

Հպարտ ենք… սակայն լաւատեղեակ ենք թէ մեր գործը նահանջ չի կրնար ունենալ:

Ուստի այսօր կը յայտարարենք թէ ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէն աշխատանք սկսած է ամրապնդելու մեր կապը Հայրենիքի հետ:

Մեր շրջանը յանձն առած է վերանորոգել Երեւանի մարզի Նոր Նորք շրջանի <<Նիկոլ Դուման>> ակումբը, տրամադրելով 15,000 USD գալիք ամիսներու ընթացքին:

Վերանորոգումէն ետք մենք պիտի աշխատինք Նոր Նորքի Կոմիտէին հետ գործուղելու մեր Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամները դէպի Հայրենիք, ծրագրելու համար բանակումներ եւ աշխատնքներ Հայրենիքի երիտասարդութեան հետ միասին:

Այս ակումբը, իր դիմացի դաշտով միասին, պիտի դարնայ Հայրենիքի մէջ սեփական կեդրոն մեր Աւստրալահայ գաղութին համար:

Ինչպէս բոլորս գիտենք, մենք այսօր հասած ենք Հայցո Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէն կ'աշխատի միասնաբար մեր գաղութի յարանւանութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ,  մեր ուղեկից միութիւններու հետ, եւ Հայ Դատի յանձնախումբի հետ յաջողջնելու համար մեծ ծրագիրներ:

Այս ծրագիրները ունին հիմնական երկու նպատակներ՝

Ա- Աւելի լսելի դարձնել մեր պահանջքները մինջեւ Թուրքիա:

Բ- Ցոյց տալ Աւստրալիոյ յանրութեան թէ Հայը հոս է, եւ պիտի մնայ:

Սիրելի Հայրենակիցներ, 100 ամեակի սեմին, պէտք է յիշենք թէ այս կլոր ամեակը պիտի չի նշանակէ աւարտը մեր պայքարին:

Պէտք է վերանորոգենք մեր ուխտը նոր մարտահրաւէրներով: Պէտք չէ օգնենք ցեղասպան թուրքին ժառանգորդ կառավարութեան գնելով թրգական ապրանք:

Նաեւ պէտք է բոլորս յարգենք մեր 1,5 միլլիոն նահատակներու յիշատակը գործի չ'երթալով յաջորդ տարի Ապրիլ 24ին: Գործի չ’երթալով, պէտք է բոլորս համախմբուինք Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց եւ բարձրաձայն պահանջենք մեր արդար իրաւունքները:

Այո՝ 100 ամեակը առիթը պիտի ըլլայ վերանորոգելու մեր պայքարը մինչեւ հասնինք մեր նպատակին՝ Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին:

Մեր գործերը քիչ չեն…

Մեր թագաւարութեան օրերու հերոսները, Մամիկոնեանները, մեր Յեղափոխական եւ Արցախի ազատամարտիկները, Աւստրալիոյ մեր կառոյցի հիմնադիր հերոսները եւ անոնց յաջորդող ղեկավար սերունդները, մեր սիրելի համակիրները, բոլորը կը պահանջեն մեզմէ անահանջ երթ:

Նժդեհ կ'ըսէ <<Ազգս գերագոյն նպատակն է, ես՝ միջոց>>:

Սիրելիներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ <<Դրօ>> Կոմիտէութիւնը ձեր ազգային նպատակներու միջոցը դարձաւ 50 տարիներ առաջ, եւ այսօր հպարտօրէն կը յայտարարենք թէ մենք պիտի մնանք ձեր միջոցը:

Շնորհակալութիւն:

comments

Advertisement