Ոչ Եւս է Աւստրալահայ Գաղութի Տիտաններէն Յովհաննէս Մարտոյեանը

By armenia.com.au | Monday, 14 September 2015




Երկուշաբթի 14 Սեպտեմբեր 2015ին վաղ առաւօտեան Աւստրալիոյ մէջ անակնկալօրէն իր մահկանացուն կնգեց Աւստրալահայ գաղութի տիտաններէն, ազգային եւ հասարակական գործիչ, Աւստրալահայ գաղութի միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու նուիրեալ ընկեր Յովհաննէս Մարտոյեանը:

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<ԴՐՕ>> Կոմիտէն եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնն ու Աւստրալիոյ շրջանային վարչութիւննը հրապարակեցին հետեւեալ մահախօսականները:

ԳՈՅԺ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Դրօ» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ անակնկալ մահը Աւստրալահայ գաղութի տիտաններէն, ազգային գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցի հիմնադիր անդամ Ընկեր Յովհաննէս Մարտոյեանը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Յովհաննէս Մարտոյեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր ընկերներուն:

ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէ
Սիտնի - Աւստրալիա

Մահազդ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ վաստակաւոր եղբայրներէն, «Արժանեաց» շքանշանակիր՝
ԵՂԲ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՐՏՈՅԵԱՆի
մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2015ին, Սիտնի, Աւստրալիա։

ՀՄԸՄ Կեդրոնական Վարչութիւն



ԳոյԺ

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Աւստրալիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութիւնը անհուն կսկիծով կը գուժէ շրջանիս Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր եղբայրներէն, եղբ. Յովհաննէս Մարտոյեանի մահը։

ՀՄԸՄ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն















comments

Advertisement