Կոչ Աւստրալահայութեան

By armenia.com.au | Sunday, 21 February 2016



Սիրելի՛ Հայրենակիցներ,

Սփիւռքի մայր գաղութներէն Հալէպը երկար ատենէ ի վեր կը գտնուի խոր ճգնաժամի մէջ: Աւերիչ քաղաքացիական պատերազմը բազմահազար մարդոց կեանքը կը շարունակէ խլել: Սուրիահայութիւնը անբաժան մէկ մասնիկը ըլլալով երկրի հիւսուածքին, բնականաբար ինք եւս ենթարկուեցաւ քաղաքացիական պատերազմի ու ահաբեկչական արարքներու հետեւանքներուն:

Այսօր, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները կը շարունակեն իրենց անմարդկային վայրագութիւնները, թիրախ դարձնելով Հալէպի խաղաղ շրջանները, որոնց կարգին Հալէպի հայահոծ շրջանները:

Այսօրուան տուեալներով մեծ հարուած ստացած են մեր ազգային հաստատութիւններէն ու կալուածներէն շատերը եւ վտանգուած է խաղաղ բնակչութեան կեանքը: Մեր ստացած տեղեկութիւններով, օրհասական վիճակի մատնուած են Սուրիոյ մեր հայրենակիցները, որոնք օժանդակութեան հսկայ կարիքի կը կարօտին:

Որպէս բարեսիրական կազմակերպութիւն, ՀՕՄ-ը մեկնելով իր առաքելութենէն, չի կրնար ձեռնածալ նստիլ, հետեւաբար արդէն իսկ ծրագրումի անցած է օգնութիւն հասցնելու Սուրիահայութեան:

Մեր կարողութենէն աւելին եւս կատարելու  հրամայականին առջեւ կը գտնուինք Սիրելի՛ Հայրենակիցներ, հետեւաբար կը դիմենք ձեզի որ քաջալեր հանդիսանաք մեր ապագայ օրերու կատարելիք նախաձեռնութիւններուն ձեր ներկայութեամբ ու համեստ նուիրատուութիւններով:

Այս գծով մեր առաջին նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ Կիրակի 6 Մարտ, 2016-ի կէսօրին, Հայ Մշակութային Կեդրոնին մէջ ճաշի մատակարարում կատարել մեր ժողովուրդին անվճար, որուն դիմաց խնդրելով ձեր նիւթական սրտաբուխ նուիրատուութիւնը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացնենք Սուրիահայութեան:

Վստահ ենք որ օրհասական այս օրերուն, միասնաբար կը յաջողինք կատարել մեր առաւելագոյնը, նիւթական պատկառելի գումար տրամադրելով ազգային այս կարեւոր նպատակին, յուսալով որ վայրկեան առաջ կ’անհետանան այս դժնդակ  օրերը եւ լուսաշող արշալոյսը իր շողերը կը սփռէ Սուրիոյ վրայ ու կը վերականգնին Սուրիոյ մեր ազգային կառոյցները եւ բնականոն կեանքը կը վերադառնայ Սուրիոյ ամուր կառչած մեր հայրենակիցներուն:



Սիտնի, 20 Փետրուար, 2016

Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի

Շրջանային Վարչութիւն

comments

Advertisement