Դասախօսութիւն Նիու Սաութ Ուէլզ Նահանգի Խորհրդարանէն ներս

By armenia.com.au | Monday, 16 May 2016


Երեքշաբթի 17 Մայիս 2016ին Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարի մօտ ծաղկեպսակի զետեղում եւ դասախօսութիւն:

Պիտի դասախօսէն պատմաբաններ՝ Բիթր Սթանլի եւ Վիգէն Պապքէնեան:

Յիշենք որ վերոյիշեալ պատմաբանները վերջերս հրատարակած են գիրք մը <<Հայաստան - Աւստրալիան եւ Մեծ Պատերազմը>> որուն մէջ կ'անդրադառնան ցեղասպանութեան ընթացքին Հայ ժողովուրդի հանդէպ Աւստրալիացի զինուորներու ցուցաբերած մարդկային օժանդակութիւններուն մասին:

Փոխադրամիջոցներ ապահովուած են որոնք պիտի մեկնին Հայ Մշակութային Կեդրոնէն (Ուիլուպի) եւ Արարատ Սկաուտական Կեդրոնէն (Րայտ):

comments

Advertisement