Առաջնորդ Սրբազան Հօր Կոչը Զօրակցելու Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունենալիք Արցախի Նուիրուած Թելեթոնին

By armenia.com.au | Sunday, 10 July 2016



Սիտնի.- Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան նամակով մը կոչ կ'ուղղէ Աւստրալահայ գաղութինմասնակցելու Արցախի Անվտանգութեան, Ապահովութեան եւ Խաղաղութեան նուիրուած թելեթոնին որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 18 Յուլիս, 2016-ին:

Իր ուղղած նամակին մէջ առաջնորդ Սրբազան Հայրը կ'ըսէ.<<Կը քաջալերենք մեր ողջ համայնքը սատար հանդիսանալու այս ազգանուէրեւ վեհ ձեռնարկին>>:

Յիշենք որ Արցախի Զօրակցութեան Թելեթոնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 18 Յուլիս, 2016-ին երեկոյեան ժամը 7էն 10:30ին:

Թելեթոնը պիտի հեռարձակուի Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան Facebook-ի էջի միջոցաւ ինչպէս նաեւ պիտի ձայնասփռուի Արմենիառատիօժամի միջոցաւ (FM 99.3):

Ձեր նուիրատուութիւններուն համար կրնաք հեռաձայնել 0487-000-748 թիւին:

Սրբազանին ուղարկած նամակը՝

---------


7 Յուլիս 2016

Սիրելի Հայ Ժողովուրդ,

Վերջին Արցախեան ընդհարումները ցնցեցին ողջ Հայութիւնը Հայրենիքի, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ: Իբր հետեւանք՝ ունեցանք մարդկային զոհեր, վիրաւորներ, հողային-տարածքային զիջում եւ աւերում՝ Մարտակերտի, Մատաղիսի եւ Թալիշի շրջաններուն մէջ:

Հետաքրքրական էր սակայն Հայ ժողովուրդի ցուցաբերած զօրակցութեան ոգին՝ ըլլայ Հայաստանի եւ ըլլայ Սփիւռքի մէջ, ուր հազարաւոր Հայորդիք պատրաստակամութիւն յայտնեցին երթալու եւ նեցուկ կանգնելու վտանգուած Հայրենիքին:

Այսօր այդ վտանգը կասեցուած է բայց ոչ վերացած: Արդէն իսկ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնները, բազում կազմակերպութիւններ եւ անհատներ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերած են զոհուածներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն կամ աւերուած տուներու նորոգութեանց ի նպաստ:

Աւստրալիոյ Հայութիւնն ալ բնականաբար անտարբեր չէր կրնար մնալ այս ճգնաժամային երեւոյթին դիմաց եւ եկեղեցին եւ այլ կազմակերպութիւններ արձագանգեցին եւ օգնութեան ձեռք երկարեցին Արցախին: Սակայն բոլոր թերութիւնները չէ որ վերացած են, պէտք է ապահովել Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը, ինչ որ մեծ միջոցներու եւ երկար ժամանակի կը կարօտի:

Ուրախ ենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իր հովանիին տակ գտնուող կազմակերպութիւններով, Արցախի Զօրակցութեան համար, <<թելեթոնի>> միջոցաւ, կազմակերպած է դրամահաւաքի արշաւ մը:

Վստահ ենք որ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն պիտի ապահովէ գումարներուն ապահով փոխանցումը Արցախ, այլ եւ պիտի հետապնդէ անոնց ամբողջական օգտագործումը իրենց բուն նպատակին եւ ապագային ժողովուրդին պիտի ներկայանայ իրագործուած ծրագիրներու ցանկով: Թափանցիկ հաշուետուութիւնը շատ կարեւոր է որպէսզի ապագային ալ երբ կարիք զգացուի ժողովուրդը վստահօրէն արձագանգէ կոչին եւ զօրաւիգ հանդիսանայ նպատակին:

Կը քաջալերենք մեր ողջ համայնքը սատար հանդիսանալու այս ազգանուէր եւ վեհ Ձեռնարկին: Պէտք չէ մոռնալ, որ Արցախի ապահովութիւնը Հայաստանի ապահովութիւնն է: Արցախը դարպասն է Հայաստանի իսկ առանց Հայաստանի՝ Սփիւռքի մեր գոյութիւնն ալ անիմաստ կը դառնայ:

Թող Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ, ձեզ առողջ պահէ եւ ձեր գործերուն յաջողութիւն պարգեւէ:

Սիրոյ ողջունիւ՝

Հայկազուն Եպս. Նաճարեան
Առաջնորդ

comments

Advertisement