Հոգեհանգիստ եւ Յիշատակի Հանդիսութիւն Նուիրուած Սուրիահայ Ընդհանուր Նահատակաց եւ Ընկեր Ռաֆֆի Պչաքճեանի Մահուան Քառասունքին

By Nishan Basmajian - armenia.com.au | Monday, 11 July 2016

Սիտնի.- Կիրակի 10 Յուլիսին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէի, Միջին Արեւելքէն Ներգաղթողներու Օժանդակ Յանձնախումբին (ՄԱՆՕՅ)  եւ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Աւստրալիոյ Մասնաճիւղիկ, տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Սուրիահայ նահատակներու հոգիներուն եւ Հալէպահայութեան Ապահովութեան ընդհանուր պատասխանատու նահատակ Ընկեր Ռաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան քառասունքին առթիւ:

Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցին լի էր զանազան մարմիններու պաշտօնական ներկայացուցիչներով եւ ժողովրդային հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու Սուրիահայ մեր նահատակներուն, պանծացնելու համար անոնց անմար յիշատակը:

Կէսօրուան ժամը 1.30ին, Ուիլուպիի Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Հոգեսուրճի մատուցում աւելի քան երկու հարիւր ընկերներու, ՀՕՄուհիներու, Համազգայնականներու եւ սգակիր եղբայրներու եւ քոյրերու:

Տէր Պարթեւ Գարագաշեան օրհնեց սեղանը եւ կատարեց աղօթք նահատակներու հոգիներուն ի հանգիստ:  Հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկին Ալին Պալիօզեան-Համամճեան, որ իր բացման խօսքին մէջ նշեց թէ այսօրուան հաւաքը յիշատակի հանդէսն էր իմացեալ մահուան ճամբուն ինկած Սուրիահայ նահատակ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, յատկապէս նորոգ նահատակ Ռաֆֆի  Պչաքճեանի, Պչաքճեան ընտանիքին երկրորդ նահատակը մէկ տարուան ընթացքին: Մէկ վայրկեանուան յոտնկայս լռութեան յարգանքի արտայայտութեամբ պաշտօնական յայտագիրը բացուած յայտարարուեցաւ:

Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Աւստրալիոյ Մասնաճիւղի ատենապետ Ընկեր Ասատուր Շուկայեան խօսք առնելով դրուատեց Հալէպահայութեան դիմադրութեան ոգին եւ անոր ծոցէն ծնած հերոսներու  ծնունդը ինչպէս Ճեմարանաւարտ Ընկեր Ռաֆֆի Պչաքճեանը: Ընկեր Շուկայեան յայտարարեց որ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 2016ի շրջանաւարտներու դասարանը անուանուած է Սուրիահայ Նահատակներու Սերունդ:

Ընկեր Ժիրայր Օհանեանը կարդաց կենսագրութիւնը նահատակ Ընկեր Ռաֆֆիին, մինչ պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր տեսաերիզ ընկերոջ կեանքի զանազան հանգրուաններէն մինչեւ դագաղ, վերջին հրաժեշտ ու <<մերձեցում ի դուռն գերեզմանի>>:

ՄԱՆՕՅի ատենապետ Եղբայր Պօղոս Պալիօզեան դրուատեց զոհաբերութեան ոգին Ընկեր Ռաֆֆիի, զոր ճանչցած էր որպէս ՀՄԸՄի սկաուտ, ՀՅԴ Պատանեկան միութեան անդամ եւ վերջապէս որպէս մարտական պատասխանատու: Եռանդով ու կեանքով լի ընկերոջ մահը Հալէպահայութեան համար մեծ կորուստ համարեց եղբայր Պալիօզեան:

ՀՕՄի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան Ատենապետուհի Ընկերուհի Նորա Սեւակեան փոխանցեց ՀՕՄի խօսքը: Ան ըսաւ թէ Սուրիահայութիւնը երախտագիտութեան իր տուրքը տուաւ եւ կու տայ Սուրիոյ, 1915ին ջարդէն ճողոպրած Հայութեան նկատմամբ անոր ժողովուրդին ասպնջականութեան դիմաց, տալով մարդկային անմեղ զոհեր:

<<Սուրիահայ երիտասարդը չէր կրնար իր դաստիարակուած սկզբունքներուն դէմ գործել եւ պաշտպան չկանգնիլ հայկական թաղամասերուն , հայ ծերունիին, Հայ մօր կամ հայ մանուկին: Դժբախտաբար թանկ եղաւ Հայութեան վճարած գինը: Երիտասարդ կեանքեր հնձուեցան, անոնց կարգին՝ անմոռանալի Ռաֆֆին>> ըսաւ  Ընկերուհի Սեւակեան: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն կրկնապատկել զօրակցութեան  ջանքերը եւ նեցուկ հանդիսանալ Սուրիահայութեան թէ նիւթապէս եւ յատկապէս՝ բարոյապէս:

Համազգային Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց ընկ. Վիգէն Գալլօղլեան , որ անդրադարձաւ հայ անհատի նկարագրին մասին, որ նահատակութիւնը յանուն ազգի եւ ժողովուրդի փառք կը համարէ, ինչպէս ներկայիս Արցախի մէջ կը պատերազմին ու կը նահատակուին հայ երիտասարդներ, Սուրիոյ մէջ ալ նմանօրինակ է պարագան սական  տարբեր ձեւերով: Ազգայնանուէր այդ երիտասարդները  կը նահատակուին յանուն իրենց հաւաքականութեան ու գաղութի փրկութեան:

Փակման խօսքը կատարեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան: Ընկեր Ռաֆֆիի գործունէութեան մասին իր կատարած ընթերցումներէն եզրակացուց եւ նահատակ ընկերը դասեց մեր ազգային հերոսներու շարքին: Ընկեր Հայկ առաջարկեց որ կատարենք մեր նիւթական յատկացումները Հալէպահայութեան, գործնական միջոցներով բաժնենք իրենց հետ իրենց ցաւերն ու հոգսերը:

Օրուան հոգեսուրճի մատակարարումն ու հիւրասիրութիւնը ստանձնած էր Հայ Օգնութեան Միութիւնը:

Տպաւորիչ այս հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ  կէսօրէ ետք ժամը 2.30ին:

comments

Advertisement