Ընկեր Արմէն Ռուստամեան Կը Հանդիպի Սիտնիի հայ համայնքին

By armenia.com.au | Saturday, 03 December 2016

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Դրօ Կոմիտէի կողմէ նշանակուած յատուկ յանձնախումբին եւ հրաւէրովը Դրօ Կոմիտէին համայնքային բնոյթ կրող ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Հայ Մշակութային Տան մէջ, Ուիլուպի, Երկուշաբթի 28 Նոյեմբերի երեկոյեան, ի պատիւ Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդարանի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Քաղաքական Ներկայացուցիչ Ընկեր Արմէն Ռուստամեանի, որ հրաւիրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի խօսքը փոխանցելու գաղութի հայութեան՝ ՀՅԴ Օրուան առիթով:

Հանդիսութիւնը վարեց Կոմիտէի անդամ Ընկեր Գէորգ Վարդանեան:

Ընկեր Վարդանեան բարի գալուստ մաղթեց հիւր ընկերոջ եւ մօտաւորապէս 160 ներկաներուն:

Յաջորդաբար խօսք առին, Համազգայինի, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի շրջանային Վարչութեանց ատենապետները՝ Վիգէն Գալլօղլեան, Նորա Սեւակեան եւ Տիրան Վահրաթեան, որոնք հակիրճ կերպով ներկայացուցին երեք միութեանց տարած աշխատանքները կրթամշակութային, բարեսիրական եւ մարզական բնագաւառներէ ներս եւ բարի գալուստ մաղթեցին հիւր ընկերոջ:

ՀԲԸՄ Սիտնիի կողմէ սրտի խօսք արտասանեց Սարգիս Մանուկեան, ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմնի կողմէ՝ Վաչէ Թոփուզեան եւ ՌԱԿի Աւստրալիոյ Մարմնի կողմէ՝ Հայկ Լէփէճեան:

Յայտագիրը ճոխացուցին Գօլստըն Ճեմարանի աշակերտներ՝ Լենա Մկրտիչեան, որ արտասանեց  Պարոյր Սեւակի <<Հպարտ եմ Ես>>ը: Հհեզաճկուն Նանար Մարաշլեան պարեց <<Սուրբ Երկիր>> պարը: Սիլվա Կապուտիկեանի << Խօսք Իմ Որդուն>> խումբով արտասանեցին Վարդի եւ Վանի Համամճեաններ եւ Գալէ Մանճիկեան:

Լեռնային Ղարաբաղի Մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան իր խօսքին մէջ դրուատեց Ռուստամեանի տարած աշխատանքը յօգուտ Արցախի: Ան ըսաւ թէ իր տարած քաղաքական աշխատանքին համար Ռուստամեան Արցախի ժողովուրդին ու նախագահ Բակօ Սահակեանի մեծ վստահութիւնը կը վայելէր:

Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի գանձապետ Գլատիս Պէրէճիքլեան անդրադարձաւ Ռուստամմեանի յօգուտ ժողովրդավարութեան զարգացման  տարած անսակարկ աշխատանքին եւ զինք պաշտօնապէս ողջունեց յանուն Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի կառավարութեան:

Վերապատուելի Յակոբ  Սարգիսեան մէջբերելով Աւետարանը ըսաւ թէ ամէն անգամ որ  Հայ քաղաքագէտի մը կը հանդիպէր իր միտքը կուգրյ Մովսէսը փոխարինող Յեսուն, որուն Աստուած երեւցաւ եւ ըսաւ <<մի՛, վախնար, մի՛ զարհուրիր, ես քեզի հետ եմ>>: Վերապատուելին իր խօսքը փակեց ըսելով՝ << Ընկեր Արմէն, Աստուած ձեր հետն է, որովհետեւ մեր դատը արդար է, մի՛ վախնաք եւ մի՛ զարհուրիք>>:

Դրօ Առանձնակի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Գայսէրեան ողջունեց հիւրերը: Խօսեցաւ այն մտերմութեան մասին որ ՀՅԴ Աւստրալիոյ կազմակերպութիւնը ստեղծած է Հայաստանի հետ հաւատարիմ՝ <<Դէպի Երկիր>> նշանաբանին: <<Հայաստանի մէջ այնպիսի գործիչներու պէտքը կայ, որոնք Ո՛Չ ըսել գիտեն հակաժողովրդավար գործունէութեան բոլոր մակարդակներու վրայ: Այդ գործիչներէն է Ընկեր Ռուստամեանը, հեռատես միեւնոյն ատեն իրատես: Շնորհիւ այս երկու յատկանիշներուն է որ Ռուստամեան եւ նմաններ, ի նպաստ ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան, սահմնադրութեան փոփոխութիւններ կարողացան իրականացնել: Իսկ ինչ կը վերաբերի Արցախին՝յետ Ապրիլեան պատերազմին ՀՅԴ կարողացաւ կամաւորական կազմակերպուած պահեստի խումբ ստեղծել եւ զայն դնել Բանակի տրամադրութեան տակ>> ըսաւ Ընկ Գայսէրեան:

Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան, իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ թէ առաջին անգամ Արմէն Ռուստամեանին հանդիպած էր Վիէննայի մէջ, իր առաջին փորձառութիւնը Դաշնակցական վերի մարմնի անդամի մը հետ: Այդ հանդիպման ընթացքին ան Ռուստամեանի մէջ գտած էր իսկական հայրէնասէրը: <<Ռուստամեան կրնար շատ ապահով կեանք մը ապրիլ, բանտի ալ չծառայել, սակայն ան իր Հայրենիքի համար զոհողութիւնը գերադասեց, գերադասեց քաղաքական պատնէշի վրայ ըլլալը: Իր աշխատանքը խորհրդարանէն ներս կռիւ է, պայքար է յանուն հայութեան, անմնացորդ ծառայութիւն իր Հայրենիքին>>:

Խօսք առաւ հիւր Պատգամաւորը: <<Յուզուած եմ եւ անակնկալի եկած, կարծէք Հայաստան կը գտնուիմ հարազատներու մօտ: Այս ինչ հրաշալի համայնք է>>: Անդրադառնալով Վերապատուելիի ակնարկութեան ան ըսաւ << Ես հաւատացեալ եմ եւ մեր ճակատագիրը Քրիստոսի ճակատագրին է նման: Աստուածային մեծ առաքելութիւն ունեցող ազգ է մեր ազգը: Մենք անպարտելի կը դառնանք որովհետեւ որակ ենք եւ այդ Աստուածատուր է: Արցախեան յաղթանակը դիւրին չէր սակայն նոյնքան դժուար է զայն պահելը: Ապրիլեան օրերուն զարթօնք տեղի ունեցաւ, յոյժ  զարմանալի, նման 1988ի զարթօնքին: Կը մնայ որ այդ զարթօնքը չմսխուի: Դժբախտաբար, 1988էն ետք մենք շեղեցանք մեր նպատակներէն, պէտք է դաս քաղել>>:  Ընկեր Ռուստամեան շարունակեց ըսելով՝<< Հայոց պետականութեան բացակայութեան դարեր շարունակ Եկեղեցին մեզ Հայ պահեց: Ազատատենչութիւն, միասնութիւն եւ սէր սնուցեց: Այժմ ունինք ինքնուրոյն պետականութիւն,մեր ժողովուրդին պէտք է արդար միջավայր, որպէսզի կարենանք մեր ազգային առաքելութիւնը դրեսեւորել միասնաբար: Բոլոր Հայերը պէտք է կարենան վայելել Հայոց պետականութեան ձեռքբերումները, որպէսզի Հայը Հայաստանի մէջ շատ աւելի ապահով զգայ քան օտար երկրի մէջ>>:  Խօսելով Սփիւռքի եւ անոր խաղացած ու խաղալիք դերի մասին Ընկեր Ռուստամեան ըսաւ. << Առաջին Անկախութեան աւարտէն ետք Սփիւռքը պահեց Եռագոյն Դրօշն ու Հանրապետութեան զինանշանը եւ զանոնք վերադարձուց Հայաստանին: Հետապնդեց Հայ արդար Դատը: Արդար, որովհետեւ եթէ այդ դատը արդար չըլլար Նիւ Սաութ Ուէյլզի նահանգը եւ բազում երկիրներ չէին ճանչնար Ցեղասպանութիւնը: Այդ դատի լուծումը պիտի անպայման գայ, եթէ մենք չտեսնենք, մեր թոռները չտեսնեն, մեր թոռներու թոռները զայն պիտի անպայման տեսնեն>>:

Խօսելով Արցախի մասին Բիւրոյի ընկերը ըսաւ. << Նոյն ազգն են Ազերին եւ Թուրքը, նոյն արիւնոտ ձեռքերը ունին անոնք: Անոնց վրայ մեր տարած յաղթանակներով, Հայաստան Սփիւռք Արցախ  միասնական կեցուածքով,  42500 քառակուսի Քիլոմեթր Հայաստանի համար պիտի կերտենք նոր, յաջող ապագայ: Իսկ սահմանադրական նոր, արդար համակարգով պիտի կարենանք յաղթահարել պետականութեան եւ ժողովուրդին առաջ առկայ լուրջ  խոչընդոտները>>:

Երեկոն վերջ գտաւ ազգային երգերու մեկնաբան Քրիստափոր Արապեանի <<Ախպերս ու Ես>>երգով:

Դրօ Կոմիտէի կազմակերպած այս հաւաքը միասնականութեան նոր հաւաստիք մըն է Սիտնիի Հայ համայնքին համար:

Շարունակե՛նք այսպէս:



comments

Advertisement