12 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ Աւստրալիոյ Շարքերուն

By armenia.com.au | Saturday, 03 December 2016

Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր, 2016-ին 12 նորագիրներ տուին իրենց Դաշնակցականի երդումը եւ միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կազմակերպութեան շարքերուն:

Բարի գալուստի խօսք արտասանելէն ետք, ՀՅԴ <<Դրօ>> Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Հայկ Գայսէրեան ներկայացուց նորագիրները, ապա հրաւիրեց երդման արարողութեան: Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հարապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ընկեր Արմէն Ռուստամեան:

Ընկեր Ռուստամեան խօսքը ուղղելով նորագիրներուն ըսաւ <<Այսօր մեծ պատասխանատուութեան դիմաց է որ կը գտնուիք: Դուք անդամ պիտի ըլլաք կուսակցութեան մը որմէ առնելիք չունիք այլ միայն տալիք, տալիք ունիք ձեր կուսակցութեան, ազգին եւ հայրենիքին>>:

Ընկեր Ռուստամեան աւարտեց իր խօսքը նորագիրներուն մաղթելով յաջողութիւն, բարի եւ անխափան երթ ապագայ գործունէութեան եւ արդիւնաւէտ աշխատանքներուն:


comments

Advertisement