Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126 ամեակը Աւստրալիոյ մէջ

By armenia.com.au | Monday, 19 December 2016

Մասնակցելու համար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 126 ամեակի միջոցառումներուն, Աւստրալիա հրաւիրուած էր ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար ընկեր Արմէն Ռուստամեան։

Ընկեր Ռուստամեանի Սիտնի այցելութեան առաջին օրն իսկ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէի տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը որուն ներկայ էին Աւստրալիոյ մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները։

Լսելէ ետք իւրաքանչիւր միութեան բարի գալուստի խօսքն ու միութեան աշխատանքներու մասին ամփոփ զեկոյցը, ընկեր Ռուստամեան խօսք առաւ ըսելով.- <<Յուզուած եմ եւ անակնկալի եկած, կարծէք Հայաստան կը գտնուիմ հարազատներու մօտ: Այս ինչ հրաշալի համայնք է>>:

Խօսելով Սփիւռքի եւ անոր խաղացած ու խաղալիք դերի մասին ընկեր Ռուստամեան ըսաւ.- << Առաջին Անկախութեան աւարտէն ետք Սփիւռքը պահեց Եռագոյն Դրօշն ու Հանրապետութեան Զինանշանը եւ զանոնք վերադարձուց Հայաստանին: Հետապնդեց հայ արդար դատը: Արդար, որովհետեւ եթէ այդ դատը արդար չըլլար Նիւ Սաութ Ուէյլզի նահանգը եւ բազում երկիրներ չէին ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այդ դատի լուծումը պիտի անպայման գայ, եթէ մենք չտեսնենք, մեր թոռները չտեսնեն, մեր թոռներու թոռները զայն պիտի անպայման տեսնեն>>:

Խօսելով Արցախի մասին Բիւրոյի ընկերը ըսաւ.- << Նոյն ազգն են ազերին եւ թուրքը, նոյն արիւնոտ ձեռքերը ունին անոնք: Անոնց վրայ մեր տարած յաղթանակներով, Հայաստան – Սփիւռք - Արցախ միասնական կեցուածքով, 42500 քառակուսի քիլոմեթր Հայաստանի համար պիտի կերտենք նոր, յաջող ապագայ: Իսկ սահմանադրական նոր ու արդար համակարգով պիտի կարենանք յաղթահարել պետականութեան եւ ժողովուրդին առաջ առկայ լուրջ խոչընդոտները>>:

իր այցելութեան ընթացքին ընկեր Ռուստամեան իր մասնակցութիւնը բերաւ <<Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակն ու Արցախի ռազմավարական դժուարութիւնները>> խորագրով զեկուցական երեկոյի մը։

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերներուն հետ ընկեր Ռուստամեան այցելեց մայրաքաղաք Քանպէրա ուր հանդիպում ունեցաւ կառավարական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ: Ընկեր Ռուստամեան նաեւ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Արցախը ճանչցող Նիւու Սաութ Ուէլզ նահանգի խորհրդարանը։

Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր, 2016-ին տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126 ամեակի նուիրուած երգահանդէս մը։ Երգահանդէսի ընթացքին ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց ընկեր Հայկ Գայսէրեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.- <<Այսօր, 126 տարեկան է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ իր հիմնադրութեան օրերէն ի վեր կը դիմագրաւէ պայքար մը, հայրենի իրականութեան մէջ: Անդադար քարկոծում եւ մեղադրանք, որոնցմէ օրինակներ կը ներկայացնեմ այս խօսքին մէջ։ Սակայն նաեւ կ'անդրադառնանք, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Դաշնակցութիւնը մեղադրողները ընդհանրապէս հայրենակիցներ եղած են, իրենց մղողներն եղած են նոյն այդ արտաքին ուժերը, որոնք առաջնորդուելով հակա-հայ շահերէ, 126 տարիներ շարունակ կը փորձեն նուազեցնել Դաշնակցութեան ազդեցութիւնը հայրենի իրականութեան մէջ>>:

Անդրադառնալով վերջին տարուայ ընթացքին աւստրալիոյ մէջ տարուած աշխատանքներուն մասին Գայսէրեան ըսաւ.- <<Դաշնակցութիւնը իր ծառայութիւնը կը շարունակէ նաեւ Աւստրալիոյ մէջ: Հպարտ ենք մեր ուղեկից միութիւններով։ ՀՄԸՄ-ը կը պատրաստէ արի եւ կարգապահ սկաուտներ եւ մարզիկներ, գիտակից իրենց պարտականութիւններուն եւ միշտ պատրաստ ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին։ Համազգայինը, իր կրթական եւ մշակութային բոլոր պատասխանութիւններուն կողքին, այս տարի նշեց Գոլստըն Ճեմարանի 30-ամեակը, նիւթապէս աւելի ապահով իրավիճակի մէջ, առաւել բարձրորակ ուսանողական մակարդակով եւ աշակերտներու աւելցած թիւով՝ քան վերջին տասնամեակին։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը շարունակէ ըլլալ մեր տան խիղճն ու ժողովուրդին ծառան, յաջողութեամբ առաջնորդելով մեր բոլորին բարեսիրական մղումները, ազգի ու հայրենիքի բոլոր մարտահրաւէրներու ժամանակ>>:

<<Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շարունակէ վայելել մեր ժողովուրդին աջակցութիւնը եւ կը հասցնէ մեր ազգը նորանոր բարձրունքներու եւ յաջողութիւններու Աւստրալիոյ քաղաքական դաշտին վրայ։ Բոլորս հպարտ էինք, երբ Աւստրալիոյ մամուլը բացայայտեց Աւստրալիացի այն պատգամաւորները, որ կ'այցելէին Ազրպէյճեան, դառնալով Ալիեւի պաշտպաններ, հաւանաբար խանդավառուած ազերիին վառած խաւիարի քաղաքականութիւնէն։ Եւ, այս տարի, արժեւորելով այդ ջանքերը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը պարգեւատրեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը։ Կը շնորհաւորենք Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ իրեն աջակցող Աւստարալահայ ժողովուրդին>>։

Արմենիա Մետիան կը շարունակէ իր լրատուամիջոցներով տեղեակ պահել մեր համայնքը կարեւոր լուրերու մասին։ Այս տարի, երկրորդ անգամ ըլլալով, NSW նահանգի կառավարութեան մամլոյ պարգեւի արժանացաւ։ Կը շնորհաւորենք նաեւ Արմենիա Մետիա-ի խնամակալութիւնը եւ աշխատակազմը>>։

<<ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը մեր ապագան է։ Այս տարի, իր Պատանեկան եւ Երիտասարդական անդամակցութեան թիւը դարձեալ աճ արձանագրած է եւ արդէն ունին մասնաճիւղեր հիւսիսային Սիտնիի, Արեւմտեան Սիտնիի եւ Մէլպուրնի մէջ>>։

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Գալէ պատանեկան մասնաճիւղի պատանիները ներկայացուցին Պանք Օթոմանի խորհուրդը։

Ապա օրուայ պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ ընկեր Արմէն Ռուստամեան։ Լսելու համար ընկերոջ խօսքը դիտել հետեւեալ տեսաերիզը։

Յեղափոխական երգերով երեկոն խանդավառեց ազգային եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Քրիստափոր Արապեան որ հրաւիրուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն:

Յիշենք նաեւ որ ՀՅԴ հիմնադրութեան 126 ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ խրախճանք մը Շաբաթ, 26 Նոյեմբեր, 2016-ին որուն ներկայ էին աւելի քան 250 հայորդիներ։ Խրախճանքի ընթացքին երեկոն խանդավառեց Րաֆֆի Ատուրեան որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Քրիստափոր Արապեան:






comments

Advertisement