Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան պատգամը

By armenia.com.au | Thursday, 29 December 2016

Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ իր անդամները եւ Աւստրալահայ գաղութի բոլոր կազմակերպութիւններն ու յարանւանութիւնները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօներու առթիւ:

2016 տարեշրջանը Հայ Օգնութեան Միութեան համար եղաւ Արցախահայութեան ու Սուրիահայութեան զօրակցութեան գծով մարտահրաւէրներով լեցուն տարի մը: Ան աշխարհով մէկ ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ շրջանէն ներս իր մայրական ձեռքը կրկին անգամ երկարեց եւ եղաւ ու հասաւ հոն ուր որ կարիքը կար:

Իր նիւթական, բարոյական ու մարդասիրական զօրակցութիւնը երբեւիցէ չզլացաւ Աւստրալիոյ ՀՕՄը եւ իր անդամներուն , քոյր միութիւններուն, գաղութի յարանւանութիւններուն  եւ ՀՅԴ Դրօ Կոմիտէութեան անաչառ զօրակցութեամբ ու քաջալերանքով , յաղթականօրէն ընդառաջեց իր դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրներուն:

Մեր մաղթանքն է,  որ 2017-ըն  ըլլայ բարեբեր, յուսաբեր եւ լուսաբեր տարի մը բոլոր մարդկութեան  ու  պատերազմի սարսափելի  պայմաններուն մէջ ապրող մեր Արցախահայ եւ Սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար, որոնք բացի այն որ մարդկային անհաշիւ զոհեր տուին անցնող քանի մը տարիներուն , այլ նաեւ տեղահանուեցան, ներգաղթեցին  ու ապրեցան արհաւիրքի ճգնաժամային օրեր:

Թո՛ղ որ խաղաղութեան աղաւնիները  կրկին վերադառնան ու թռչին հայ ժողովուրդի երկնակամարին վրայ ու թո՛ղ որ  արեւշատութեան , առողջութեան ու յաջողութեան գոյնզգոյն երանգներով վերածիածանուի իւրաքանչիւր հայ օճախի երդիք:

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ:

Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւն

Դեկտեմբեր 2016


comments

Advertisement