Յիսնամեայ Յոբելեան Տօնակատարութիւն - Պարահանդէս Համազգային Մեսրոպ Մաշտոց Մատթէոսեան վարժարանի

By armenia.com.au | Tuesday, 17 October 2017

Տօնակատարութիւն - Պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 9 Սեպտեմբեր 2017-ին Merrimu Reception-ի շքեղ հանդիսասրահին մէջ: Երեկոն խանդավարեցին Սագօ Մխմելճեան եւ իր նուագախումը:

Օրուայ բեմավարներն էին դպրոցի ուսուցիչներէն Տիկ Արազ Թաշճեան՝ Հայերէնով եւ Պրն Գէորգ Գրոզեան՝ Անգլերէնով:

Բեմավարները պատշաճ յարգանքի խօսք ուղղելէ ետք Տէր Խաչեր Քհնյ. Յարութիւնեանին, Honourable Julian Hill Federal Member for Bruce,  օրուայ հիւրերուն, վարժարանի եւ Հայ կեդրոնի բարերարներուն, ՀՅԴ Ազատամարտ Ենթակոմիտէին, Հայ Կեդրոնի քոյր միութեանց ներկայացուցիչներուն, Ակինեան վարժարանի կազմին, դպրոցի անցեալի ու ներկայի բոլոր դաստիարակներուն, հոգաբարձուներուն, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն եւ յարգոյ ներկաներուն, անդրադարձան վարժարանի 50 տարիներու կրթական գործունէութեան մասին: Անոնք նշեցին թէ Յիսունամեակն է այն բոլոր հայրենակիցներուն որոնց զոհողութեամբ է որ այս կրթական հաստատութիւնը յարատեւած է յիսուն տարիներ դաստիարակելով այս հիւրընկալ հաղամասին վրայ ծնած հայորդիները հայկական ազգային ոգիով եւ աւանդութեամբ, վեր պահելու համար մեր Հայկազեան ցեղի անցեալի ու ներկայի եզակի մշակոյթը, եւ արձանագրելու յաւելեալ յաջողութիւններ կրթական ծիրէն ներս:

Պրն Գէորգ բեմ հրաւիրեց վարժարանի Տնօրէնուհի Տիկ Զուարթ Վահրիճեանը տալու վարժարանի 50ամեայ հակիրճ պատմականը: Տիկ Զուարթ իր յարգանքի խօսքը ուղղելէ ետք ներկաներուն, նախքան վարժարանի հակիրճ պատմականը, մասնակի գնահատանքի խօսք ուղղեց  օրուայ ձեռնարկին ներկայ գտնուող շրջանաւարտներուն եւ աշակերտներուն որոնք իրենց Ազգային գիտակցութեամբ գնահատած էին վարժարանի 50ամեակի տօնակատարութիւնը: Ան նաեւ գնահատանքի եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց շրջանաւարտ աշակերտուհի Օրիորդ Արաքս Գոճատէլեանին՝ դպրոցի յիսնամեայ գրքոյկի պատրաստութեան համար, Պրն Գէորգ  Գրոզեանին՝ իր պատրաստած 50 տարուայ տեսաերիզի պատմական նկարներուն համար, շրջանաւարտ Օրիորդ Լիոնի Տէմիրճեանին՝ օրուայ նազպարի պատրաստութեան, Օրիորդ Ազիկ Ադամեանին՝ Յիսնամեակի յատուկ համեղ գեղեցիկ կարկանդակը  նուիրելուն,  Տիկ Վանուհի Մարտիրոսեանին, Տիկ Անի Հայրիկեան Արզուլեանին եւ Տիկ Սեդա Տէմիրճեանին՝ նազպարի գեղեցիկ տարազներու պատրաստութեան համար, Պրն Կարօ Պոզողլանեանին՝ օրուայ նկարչութեան համար, ՀՅԴ Ազատամարտ Ենթակոմիտէին, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւններուն, որոնք Համազգայինի կողքին իրենց աջակցութիւնը բերելով յաջողցուցին երեկոն:  Ապա կարդաց դպրոցի Յիսնամեայ պատմականը:

Պրն Գէոդգ Գրոզեան Անգլերէն լեզուով փոխանցեց վարժարանի 50ամեայ պատմականը:

Պրն Գէորգ հրաւիրեց Տէր Խաչեր Քհնյ. Յարութիւնեանը: Տէր Հայրը իր խօսքը ուղղելէ ետք շնորհաւորեց վարժարանի բոլոր մշակները եւ օրհնեց  օրուան ձեռնարկը:

Յաջորդաբար բարձրագոյն դասարանի աղջիկները ներկայացուցին գեղեցիկ նազպար մը որու աւարտին ներկայ բոլոր աշակերտները, Տնօրէնութեան, Հոգաբարձութեան, Ուսուցչական կազմին հետ միասնաբար, պարեցին բարեկամութեան շուրջպարը որու ընթացքին կը ծածանուէր մեր Ազգային, Արցախի, եւ Աւստրալիոյ դրօշները, ապա հրաւիրուեցան նաեւ բոլոր անցեալի ու ներկայի հոգաբարձուներ, ուսուցիչներ, շրջանաւարտներ մասնակցելու շուրջպարին, եւ այսպէս՝ բոլոր ներկաները միասնաբար ամբողջացուցին պարը:

Պրն Գէորգ բեմ հրաւիրեց  օրուայ երգիչ Պրն Սագօ Մխմելճեանը իր նուգախումբով հայկական երգերով խանդավարելու երեկոն:

Ճաշի դադարին, նախքան օրուայ յատուկ կարկանդակի արարողութիւնը, բեմավար Պրն Գէորգ հրաւիրեց դպրոցի եւ Հայ Կեդրոնի բարերարները, վարժարանի Տնօրէնուհին, Հոգաբարձութիւնն ու ուսուցչական կազմը կտրելու կարկանդակը:

Շարունակուեցաւ երեկոն խանդավար պարերով եւ ազգային երգերով մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը:

Խանդավարուած երեկոյի մթնոլորտէն,  դպրոցի եւ կեդրոնի բարերարներն ու ազգայիններ կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

 



comments

Advertisement