Համազգայինի Հիմնադրութեան 90 Ամեակի նուիրուած Երեկոյ

By armenia.com.au | Saturday, 27 October 2018

Կիրակի 28 Հոկտեմբեր 2018ին երեկոյեան ժամը 5:00ին Համազգային Գօլստըն ճեմարանի Նալպանտեան սրահին մէջ կազմակերպութեամբ Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական երեկոյ մը նուիրուած Համազգայինի հիմնադրութեան 90 ամեակին:
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէն Համազգայինի մասնաճիւղերու երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները ինչպէս նաեւ ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցներու աշակերտութիւնը: Օրուայ պատգամը պիտի փոխանցէ Համզգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեանը:

comments

Advertisement