ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ. ՀՅԴ 128 ամեակի նուիրուած գեղարուեստական երեկոյ Սիտնիի մէջ

By armenia.com.au | Friday, 30 November 2018

Սիտնի - Այս Կիրակի 2 Դեկտեմբեր 2018-ին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 128 ամեակը պիտի յիշատակուի Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ փառահեղ գեղարուեստական յայտագիրով, նուիրուած Հայաստանի Անկախութեան եւ Հանրապետութեան Հռչակման 100 Ամեակին։

Օրուայ պատգամը պիտի փոխանցէ`հրապարակագիր Ընկեր Խաժակ Մկրտիչեան։ Ան Միացեալ Նահանգներէն հիւրաբար Աւստրալիա կը գտնուի ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 2 Դեկտեմբեր 2018-ին՝ Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի Նալպանտեան Սրահէն ներս, երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ։ Մուտքը ազատ է բոլոր Աւստրալահայութեան։

comments

Advertisement