7 Երեսփոխաններ Աւստրալիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ըրին

By Asbarez | Saturday, 08 December 2018


1206ANC Aust

ՔԱՆՊԵՐԱ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 3 Դեկտեմբերին, Աւստրալիոյ խորհրդարանը քննարկեց փաստաթուղթ մը, որ նուիրուած է ՄԱԿի կողմէ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին հռչակագիրի վաւերացման 70ամեակին։

Քննարկումին ընթացքին 7 երեսփոխաններ անդրադարձան Հայոց Ցեղասպանութեան եւ պահանջեցին անոր յստակ եւ անյապաղ ճանաչումը Աւստրալիոյ խորհրդարանին կողմէ։

Իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէ հետեւեալ 7 երեսփոխանները պահանջեցին Հայոց Ցեղասպանութեան անյապաղ ճանաչումը՝ Թիմ Ուիլսըն, Ճիւիլըն Լիսըր, Էրիս Հէյզ, Մայքըլ Տանպի, Ճէյսըն Ֆալիսնքի, Թոնի Զափիա եւ Մայքըլ Սուքըր։

Նշենք, թէ հայկական արմատներով պատգամաւոր Թիմ Ուիլսընի կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած է փաստաթուղթը, որ կոչ կ՛ընէ՝ «բոլոր երկիրներուն, ներառեալ՝ Աւստրալիոյ, ընդունելու անհրաժեշտութիւնը եւ անցեալին տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնները ճանչնալու համար աշխատանք տանելու, որվհետեւ այդ մէկը  կարեւոր է ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու հարմար»:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Կայսերեան ողջունեց երեսփոխաններուն ելոյթները՝ աւելցնելով, անոնք պիտի գան աւելնալու անցեալ Յունիսին տեղի ունեցած նման քննարկումի մը ընթացքին արտայայտուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պահանջին, որ ճամբան պիտի բանայ խորհրդարանին կողմէ ճանաչումը պատմական այս իրողութեան։

«Այս փաստաթուղթը ցեղասպանութիւն բառը կը պարունակէ եւ զայն յստակօրէն կը կապէ Հայոց Ցեղասպանութեան, որ անքակտելիօրէն կապուած է այս բառի ստեղծման հետ», շեշտեց Կայսերեան:

Յայտնենք, որ Աւստրալիոյ խորհրդարանի վերոյիշեալ քննարկումին ներկայ եղաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։

comments

Advertisement