Սերժ Թանքեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ Նիւ Զելանտային

By Asbarez | Monday, 04 March 2019

0227tankian NZ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- 26 Փետրուարին, աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրաւ Նիւ Զելանտայի իշխանութիւններուն, կը հաղորդէ «Թերթ» լրատուական կայքը:

«Նախքան երաժիշտ դառնալը ես գործիչ էի, եւ ինծի համար արուեստի ամենազարմանահրաշ արտայայտչամիջոցներէն մէկը ճշմարտութիւնը պարզելը եւ տարածելն է: Ինծի համար, իբրեւ Միացեալ Նահանգներ բնակող երիտասարդ ամերիկահայ, կարեւոր է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: Անիկա իմ զարթօնքը եղած է», յայտնեց Թանքեան՝ շեշտելով Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը:

«Կը կարծեմ, որ Ցեղասպանութեան ճամանչումը կարեւոր է եւ յոյս ունիմ, որ Նիւ Զելանտան քաջաբար կը գործէ: Այս մէկը պատմական ճշմարտութիւն է: Աշխարհի մէջ շատեր արդէն իսկ ճանչած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս, օրինակ՝ Վատիկան եւ Գերմանիա», աւելցուց  երաժիշտը:

Նշենք, որ Թանքեանի գեղանկարներուն ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Նիւ Զելանտայի Մաթաքանա քաղաքի «Վիվիըն» ցուցադրասրահին մէջ. անիկա բաց պիտի մնայ մինչեւ 17 Մարտ:

comments

Advertisement