Պարգեւատրում Մինաս Տէմիրճեանի

By armenia.com.au | Sunday, 17 March 2019

Կիրակի,17Փետրուար, 2019–ին ՀՅԴ Աւստրալիոյ <<Քեռի>> Ենթակոմիտէն այցելեց ընկեր Մինաս Տէմիրճեանին անոր փոխանցելու յատուկ շքանաշան մը ու գնահատագիր մը, որպէս շնորհակալութիւն իր միութենական եւ հասարակական մարզերէն ներս կատարած ներդրումին:

Կազմի Ներկայացուցիչ ընկեր Վրէժ Գօլոգոսեանը ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ու <<Քեռի>> Ենթակոմիտէի անունովբարձրգնահատեց Արեւմտեան Սիտնիի շրջանէն ներս ընկեր Մինաս Տէմիրճեանի ունեցած երկար ծառայութիւնը:

Ան հետեւեալ կէտերով ներկայացուց ընկեր Մինաս Տէմիրճեանը՝  ծնած է 19 Սեպտեմբեր 1935-ին Պարսկաստանի Թեհրան քաղաքը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի հայկական վարժարանէն ներս, սակայն կեանքի պարագաներու բերումով ստիպուած է ուսումը լքելու հինգերորդ դասարանին եւ անցնելու գործի ասպարէզը: Անդամակցած է Արարատ միութեան:

18 տարեկանին ծնողքին հետ փոխադրուած է Պաղտատ: Ան իր հմտութեամբ կրցած է յաղթահարել լեզուական դժուարութիւնները եւ անցած է աշխատանքի ելեկտրականական ասպարէզի մէջ: Բաւական յաջողութիւն արձանագրած է իր գործին մէջ որուն շնորհիւ աշխատանքի հրաւիրուած է օտար ընկերութիւններու կողմէ:

1965-ին կը հանդիպի կեանքի ընկերոջ Արաքսիին եւ միասնաբար կը կազմեն հայկական բոյն մը: Մինասն ու Արաքսին կը բախտաւորուին 3 մանչ զաւակներով:

1970-ին Մինաս իր նորակազմ ընտանիքին ապահովութիւնը գերադասելով կը հաստատուի Աւստրալիա: Նոր երկիր, նոր կեանք, նոր լեզու սակայն Մինաս իր աշխատասիրութեամբ կրնայ ընտելանալ եւ համակերպիլ նոր կեանքին:

Աւստրալիոյ մէջ ան բազմաթիւ յաջողութիւններ կը գտնէ իր գործի ասպարէզին մէջ եւ իր ընտանիքին կ'ապահովէ բարեկեցիկ կեանք մը:

Աշխատանքն ու գործը երբեք հեռու չի կրցան պահել Մինասը ազգային աշխատանքներէն: Ան անդամ էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն եւ կը բերէր իր աշխուժ մասնակցութիւնը Սիտնիի Արեւմտեան շրջանի ազգային եւ միութենական կեանքին մէջ:

Երբ Սիտնիի արեւմտեան շրջանի մէջ կ'որոշուի կառուցել մշակութային <<Բանոյեան>> կեդրոնը, Մինաս աշխատանքի կը լծուի: Ան իր երեք զաւակներուն եւ անձնական աշխատանքի գործաւորներուն հետ միասին օրնիբունկ'աշխատին արագօրէն աւարտելու անհրաժեշտութիւն նկատուող մշակութային կեդրոնի կառուցման աշխատանքները:

<<Բանոյեան>> կեդրոնի կառուցման մէջ Մինաս բերած է իր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը որուն համար մինչեւ օրս կ'արժանանայ գաղութիս զաւակներուն յարգանքին:

Վերջին տարիներու ընթացքին, Մինասի հիւանդութիւնը հեռու պահեց իրեն միութենական աշխատանքներէ սակայն անոր սիրտը միշտ ալ պիտի բաբախէ ազգասիրութեամբ:

Ընկեր Մինաս Տէմիրճեան ոգեւորուած այս փոխանցումէն շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնական Կոմիտէին ու <<Քեռի>> Ենթակոմիտէի ընկերներուն:

 

 

 

 

 




comments

Advertisement