Կլատիս Պերեճիքլեան կը դառնայ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգի Առաջին Ընտրուած Կին Նահանգապետ

By Aztag Daily | Tuesday, 26 March 2019

Աւստրալիահայ քաղաքական գործիչ Կլատիս Պերեճիքլեան Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրելով դարձած է առաջին կին գործիչը, որ ընտրուած է nահանգապետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սիտնի Մոռնինկ Հերըլտ» օրաթերթը:

Պերեճիքլեանի քաղաքական ուժը` Ազատական կուսակցութիւնը յաղթած է ընտրութիւններուն մէջ իր հիմնական մրցակիցին` Աշխատաւորական կուսակցութեան:

Ան իր յաղթանակին մասին տեղեկանալէ ետք փորձած է զսպել արցունքները եւ յայտարարած, թէ Նիւ Սաութ Ուէյլզը այն նահանգն է, ուր «երկար մականուն ունեցող կին գործիչը կրնայ ընտրուիլ նահանգապետ»:

«Ես անասելիօրէն հպարտ եմ այն վայրին համար, ուր մենք կ՛ապրինք: Եւ ինծի համար ամէնէն կարեւորը այն է, թէ անկախ ատկէ, թէ ի՛նչ ծագում ունիս, ո՛ւր կ՛ապրիս եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ, այս նահանգին մէջ իւրաքանչիւրը ունի կարելիութիւն ըլլալու լաւագոյնը», ըսած է Պերեճիքլեան` յաղթանակէն ետք իր համակիրներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ:

Ընդդիմութեան ղեկավար, Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Մայքըլ Տեյլին հեռաձայնած է Պերեճիքլեանին եւ շնորհաւորած զայն:

Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսըն իր կարգին շնորհաւորած է աւստրալիահայ գործիչը եւ անոր խումբը ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած «իւրայատուկ, կարգապահ եւ խիզախ յաղթանակին առիթով»:

Նշենք, որ Կլատիս Պերեճիքլեան 2017-էն ի վեր կը վարէր Նիւ Սաութ Ուէյլզի նահանգապետի պաշտօնը: Այդ ժամանակ Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Մայք Պերտ հրաժարած էր, եւ կուսակցութեան անդամները միաձայնութեամբ նոր ղեկավարի եւ նահանգի ղեկավարի պաշտօնին ընտրած էին Պերեճիքլեանը:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը շնորհաւորած է Պերեճիքլեանը Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգապետ ընտրուելուն առիթով:

«Ասիկա պատմական օր է Աւստրալիոյ հայկական համայնքին եւ ամբողջ հայկական սփիւռքին համար, քանի որ Կլատիս Պերեճիքլեանը կը շարունակէ ըլլալ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ գործող ամէնէն հզօր կիներէն մէկը», նշած է Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան: Ան ընդգծած է, որ Պերեճիքլեանը պիտի ղեկավարէ Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներու մէկէն մեծագոյն նահանգը:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ շնորհաւորած է ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած այն գործիչները, որոնք հայ համայնքի բարեկամ կը նկատուին:

comments

Advertisement