Առաջնորդ Սրբազան Հօր Սուրբ Զատկուայ Պատգամը

By armenia.com.au | Sunday, 21 April 2019

<<Աստուած մեզի hանդէպ ունեցած իր սէրը  յայտնեց անով, որ, մինչդեռ մեղաւոր էինք ՝ Քրիստոս մեռաւ մեզի համար... բայց  գիտեք նաեւ որ Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն ...  նոյնպէս եւ դուք ձեզի մեռած համարեցէք մեղքի համար, բայց ողջ՝ Աստուծոյ համար, մեր Տէր  Յիսուս Քրիստոսով>> (Հռոմ 5:8; 6:9,11).

Սիրելի Հաւատացեալ ժողովուրդ,

Մեր թեմի  եկեղեցականներու,  Թեմական Խորհուրդի  եւ բոլոր թեմական կառոյցներու անունով  կը շնորհաւորենք  Ձեզ  Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնին առթիւ:

 

Մեր Տիրոջ Յարութիւնը խարիսխն է մեր հաւատքին, այդպէս էր Առաքեալներուն համար եւ այդպէս՝ սերունդէ սերունդ  բոլոր Քրիստոնեաներուն համար:

Յարութիւնը կը յայտարարէ Կեանքի յաղթանակը ընդդէմ մահու, լոյսի ճառագայթմամբ կը շեփորահարէ խաւարի անէացումը, Տէրը Իր անձընծայումովը խաչին վրայ կը պատգամէ սիրոյ գերագոյն պատգամը, Իր խաչին վրայ հեղած արեմաբ կը ջնջէ  մեղքը՝ Սատանայի խարանը մարդկութեան ճակատէն,    վերագտնելու կորուսեալ Դրախտը, վերադառնալու մեր Երկնաւոր Հօր:

Այս տարին նուիրուած է ի մասնաւորի Ընտանիքի գաղափարին: Յարուցեալ Տիրոջ սէրը եթէ չբնակի ընտանիքի երդիկէն ներս,  մնացածը իզուր է: Գիտակից սէրը, յարգանքը, նուիրումը հնարաւոր կը դարձնեն ընտանիքի յաջող եւ երկար տարիներու գոյատեւումը: Տունէն կը սկսի նորածին մանուկի կրօնական եւ Հայեցի դաստիարակութիւնը, հոն է որ ան Հայ հաւատքի առաջին պատգամը պիտի ստանայ եւ օրինակ առնէ ձեզմէ. դուք էք որ անոր քայլերը պիտի առաջնորդէք դէպի մեր եկեղեցին, եւ հոն է որ մանուկը պիտի սնանի,  աճի եւ զօրանայ իր հոգեւոր ժառանգութեամբ, զինուի Յարութեան լոյսով եւ յաղթանակի յոյսով դիմակալէ կեանքի գալիք փորձութիւնները:

Մեր աղօթքն է որ Յարուցեալ Տէրը մուտք գործէ ձեր սիրտերէն ներս, ոգեշնչէ ձեզ կեանքի յաղթանակով, հոն ուր վհատութիւն կայ ներշնչէ յոյս, ուր թուլութիւն՝ կորով, ուր վախ՝ քաջութիւն եւ ուր ատելութիւն՝ սէր: Զինուած մեր Տիրոջ պատգամներով եւ Յարութեան յաղթականի տեսլականով կրնանք  յարատեւել որպէս անձ, ընտանիք, համայնք, Սփիւռք եւ Հայրենիք եւ մեր ներդրումը բերել աշխարհի գոյատեւման եւ բարիի վերջնական յաղթանակին:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ, ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

 

Հայկազուն Արք. Նաճարեան

Առաջնորդ


comments

Advertisement