Կոչ Աւստրալահայութեան

By armenia.com.au | Monday, 22 April 2019


104 տարիներ անցած են հ
այ ժողովուրդի պատմութեան ամենադաժան թուականէն, սակայն հայ ժողովուրդին համար արդարութեան պահանջ ներկայացնող հայկական հարցը կը մնայ անլոյծ, միաժամանակ Հայաստանի նորանկախ հանրապետութեան, Արցախի, Ջաւախքի եւ սփիւռքի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները կը մնան միասնական մօտեցումներով լուծման կարօտ:

Մենք այսօր կրցած ենք յաղթահարել մեր ժողովուրդին առջեւ ցցուող բազմատեսակ խոչընդոտներն ու արգելքները եւ աշխարհին գրեթէ անծանօթ հայկական հարցը վերածած ենք պահանջատիրական պայքարի:

104 տարիներ ետք մեր թշնամին ու մենք կը մնանք մեր պատմական սկզբունքներուն եւ նկարագրին կառչած: Մէկ կողմէ մենք որպէս խաղաղասէր ժողովուրդ կը մնանք հաւատարիմ մեր ազգային արժէքներուն, որոնք են մեր լեզուն, մեր մշակոյթը եւ մեր հայրենիքը եւ ամէն ձեւով մեր ազգին զաւակները, ուր ալ որ գտնուին, իրենց տաղանդով ու հմտութեամբ կը ծառայեն համամարդկային արժէքներու տարածման ու արմատացման, միւս կողմէ մեր թշնամին կը շարունակէ մնալ կառչած իր ոճրագործ նկարագրին, որուն ամենախօսուն ապացոյցն էր, տակաւին մէկ ամիս առաջ Նոր Զելանտայի ոճրագործ արարքին ի պատասխան, այսօրուան Թուրքիոյ առաջնորդ Էրտողանի որպէս ոճրագործի պատասխանը ուղղուած Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի «ANZAC»-ի սերունդներուն:

Այսօր մենք գործ ունինք կատարելիք եւ այս աշխատանքի յաջողութեան համար կատարելապէս կը գիտակցինք, թէ հզօր հայրենիք եւ յանձնառու սփիւռք զիրար ամբողջացնող օղակներ են, որոնք լաւագոյն ձեւով պէտք է օգտագործուին մեր արդար դատի իրականացման ճանապարհին: Մենք՝ Հայկական երեք կուսակցութիւններու Աւստրալիոյ կառոյցներս համոզուած ենք, որ ի վիճակի ենք Հայաստանի ղեկավարութեան հետ համագործակցաբար լուծելու մեր համազգային հիմնական հարցերը, ինչպէս Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում, Ջաւախքահայութեան իրաւունքներու պահանջ, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ու անկէ բխած պահանջատիրութիւն ու Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավար կերպարի յստակ բիւրեղացում:

Մենք կը հաւատանք թէ կը գտնուինք նոր հանգրուանի մը սեմին, որ պիտի բնորոշուի պահանջատիրութեամբ եւ մեզմէ պիտի պահանջէ աւելի լայն շունչ ու հետեւողականութիւն: Մենք կը հաւատանք այս ճանապարհով սկսած մեր յաղթանակին, որովհետեւ այս գետնի վրայ մեր բոլոր քաղաքական, եկեղեցական, միութենական եւ հասարակական ուժերը միակամ են ու պատրաստ:

Իրականացնելով այս դժուարին հանգրուանը յաջողութեամբ, մենք արձագանգած կ'ըլլանք մեր սուրբ նահատակներու արեան կանչին ու նոր սերունդներու բաղձանքին, միաժամանակ իրականացուցած կ'ըլլանք աշխարհաձրիւ մեր ժողովուրդի արդար պահանջները ու սատարած կ'ըլլանք նորանկախ հայրենիքի հիմքերը հզօրացնելու աշխատանքին:

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:

Կեցցէ՛ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն




comments

Advertisement