Գոյժ.- Արթօ Զարիկեան

By Hamazkaine Australia Regional Committee | Thursday, 30 May 2019



Սիրելի
ընկեր ընկերուհիներ,

Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը, իր մասնաճիւղերով , ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններու Խնամակալութեան եւ Տնօրէնութեան հետ միասնաբար սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն մահը սիրելի գործընկերոջ՝ Արթօ Զարիկեանին:

Արթոն աւելի քան քառասուն տարիներ անսակարկ եւ անձնուէր կերպով ծառայած է Համազգայինի Աւստրալիոյ ընտանիքին:

Այսօր, կը խոնարհինք Տիրոջ կամքին դիմաց, եւ մեր սրտաքին ու անկեղծ ցաւակցութիւնները կ'ուղղենք անոր այրիին եւ սգակիր հարազատներուն, խնդրելով Աստուծոյ մխիթարութիւնը:

Հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը Ուրբաթ 31 Մայիս Կ.Ա ժամը 10:00-ին, Սիտնիի Հայ Առաքելական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Յիշատակն Արդարոց Օրհնութեամբ Եղիցի

Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւն

Կցուած կը գտնէք Զարիկեան ընտանիքի գոյժը:

I am deeply saddened to share that our loving husband & father Haroutioun Arto Zarigian passed away today Wednesday 29 May 2019, aged 78.

As you know he had been suffering from Motor Neurone Disease for some time. A three year battle he fought to the end. He was surrounded by loved ones and at peace when the final moment came.

May god watch over him always and forever.

Asdvadz Hokin Lousavoreh.

A service will be held to honour his memory on Friday 31 May 2019 at the Armenian Apostolic Church, 10 Macquarie Street, Chatswood. Followed by a burial and wake at Macquarie Park Cemetery.

Stephanie Anie Zarigian
On Behalf of Suzane and the Zarigian Family

comments

Advertisement