Դամբանական ընկեր Արթօ Զարիկեանի

By Hamazkaine Australia Regional Committee | Saturday, 01 June 2019

Դամբանական՝ ընկեր Արթօ Զարիկեանի



Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային, Շանթ, Նայիրի եւ Սեւան մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ անդամներուն անունով այսօր մեր ընկերոջ Յարութիւն Զարիկեանի  գերեզմանին առաջ կ՛ողբանք անոր մահը, որովհետեւ կորսնցուցինք մեր համազգայնական ընկերը - Համազգայնական` բառին բուն իմաստով:

Արթօն, 1963 Հոկտեմբերին՝ Եգիպտոսէն նոր գաղթած Սիտնի, մաս կազմեց Հայ Մշակութային Միութեան նորակազմ պարախումբին, որը իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Փետրուար 1964-ին: Շատ չանցած, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաև Միութեան նորակազմ Յակոբ Պարոնեան թատերախումբին։

1965-ի սկիզբը երբ Համազգայինի Թարգմանչաց միօրեայ վարժարանը տեղափոխուեցաւ քաղաքի կեդրոնական թաղամասերէն մին, Արթօն մէկն էր այն նուիրեալ երիտասարդներէն որոնք Կիրակի օրերը իրենց միջոցներով հեռաւոր արուարձաններէն մանուկները հաւաքելով դպրոց փոխադրելու պարտականութիւնը ստանցնած էին:

Սակայն ինք աւելի սէր ունէր դաստիարակչական գործին և շատ չանցած մաս կազմեց Դպրոցի Հոգաբարձութեան Կազմին և աշխատեցաւ տարիներ շարունակ։

1972-ին, երբ Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ, Սիտնիի հարաւային շրժանին մէջ հիմնուեցաւ Մեսրոպեան շաբաթօրեայ Վարժարանը, Արթօն այս նորաբաց դպրոցին աշխատանքներուն նուիրուեցաւ ըլլալով ուսուցիչ, տնօրէն եւ հոգաբարձու։

Արթօն 1980ական թուականներէն իվեր եղած Համազգայինի միօրեայ վարժարաններու ուսումնական խորհուրդի գործօն անդամ: Ան սկիզբէն պատասխանատու եղած է Համազգայինի միօրեայ վարժարաններուն պետական նպաստին համար անհրաժեշտ դիմումնագիրները ամբողջացնելու: Աշխատանք մը զոր կատարեց բծախնդրօրէն մինչեւ իր վերջին շունջը: Ան NSW Federation of Community Language Schools-ի կողմէ ճանչցուած էր որպէս Public Officer:

Ան մի քանի շրջան եղած է Շանթ Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամ, եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ երեք շրջաններ:

Ընկեր Արթօն նաեւ երկար տարիներ գիտութիւն դասաւանդած է Համազգային Գօլստըն ճեմարանի  բարձրագոյն դասարաններուն՝ վայելելով աշակերտներուն յարգանքը:

2016-ին, Շրջանային Վարչութեան կողմէ՝ Արթօ Զարիկեանը Համազգայինի բարձրագոյն մակարդակով գնահատելու առաջարկով, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը զինք պարգեւատրեց «Համազգայինի Շքանշան»ով:

Համազգային Շրջանային եւ Մասնաճիւղերու Վարչութիւններուն եւ անդամներուն անունով, կը յայտնենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները Զարիկեան, Զառացեան, Շահինեան ընտանիքներուն եւ հարազատներուն ՝ իրենց թանկագին եւ անվերադարձ կորուստին համար: Կը գիտակցինք, որ ցաւալի է կորսնցնել սիրալիր կողակից, հայր, մեծ հայր, եղբայր, որու գուրգուրանքին կարիքը ունի իւրաքանչիւր մարդ արարած:

Եկած ենք վերջին հրաժեշտ տալու քեզի, վարձքդ կատար ըսելու, եւ հաստատելու, որ մեր հաւաքական կեանքին մէջ մեծ տառերով դրոշմեցիր քու ներկայութիւնդ:

Եկած ենք սակայն այս անգամ ոչ թէ ժպիտով, այլ խոր յուզումով քեզի հետ հաղորդակցելու: Հայութեան հաւաքական յիշողութիւնը, կամքն ու վճռակամութիւնը եւ վերջապէս համամարդկային արժէքներու հանդէպ քու յարգանքդ, գուրգուրանքդ եւ պաշտամունքդ, ազնիւ ու վեհանձն ընկեր, ազգային գործդ, պիտի շարունակեն ընկերներդ` համազգայնական ընկերներդ…

Համազգայինի Շրջանային եւ Մասնաճիւղերու Վարչութեանց եւ ամբողջ անդամական կազմին անունով կը յայտնենք մեր ցաւակցութիւնները` կնոջդ, զաւակներուդ, քրոջըդ , ընտանեկան պարագաներուդ եւ ընկերներուդ:

Կ'աղօթենք եւ կը մաղթենք, որ Աստուած իր լոյսերուն մէջ հանգչեցնէ քու հոգին, եւ այս ծանր ու ցաւալի պահուն, ընտանեկան պարագաներուդ մխիթարութիւն եւ համբերութիւն շնորհէ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ Սիրելի Ընկեր Արթօ,

Յիշատակդ անթառամ մնայ:

Համազգային Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն:

comments

Advertisement