Գոյժ.- Էտի Ճըղըլեան

By ՀՅԴ Աւստրալիոյ Արամ Մանուկեան Կոմիտէ | Friday, 28 June 2019

Գոյժ.- Էտի Ճըղըլեան



Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ ընկերական կազմի հաւատաւոր ընկերներէն ընկեր Էտի Ճըղըլեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի 27 Յունիսին:

ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէութեան մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Էտի Ճըղըլեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր ընկերներուն:

ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէ
Սիտնի - Աւստրալիա


Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 1 Յուլիս 2019-ին առաւօտեան ժամը 11:00-ին Հայ Կաթողիկէ «Վերափոխման Աստուածամօր» եկեղեցիէն ներս (5 John Street Lidcombe): Թաղման արարողութենէն ետք հոգեսուրճ պիտի մատուցուի գերեզմանատան կից սրահէն ներս (Macquarie Park Cemetery and Crematorium - Cnr Delhi Rd & Plassey Rd Macquarie Park):

comments

Advertisement