Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային 38-րդ Պատգամաւորական ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները

By Իշխանուհի Յակոբեան - armenia.com.au | Saturday, 20 July 2019



Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային 38-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 29 Յունիս 2019–ին , Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս Ուիլուպի:

Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհին Ընկհ. Նորա Սեւակեան, բարի գալուստի խօսքերով բաց համարեց ժողովը, որուն յաջորդեցին Տէրունական Աղօթքը, Հ.Օ.Մ ի քայլերգը եւ մէկ վայրկեան ոտընկայց յարգանքի տուրքը մեզմէ յաւէտ բաժնուած ընկերուհիներուն եւ բարերարներուն, Հայրենիքի եւ Արցախի նահատակներու յիշատակին:

Խօսք առաւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի Ընկ Արա Մրտիչեանը եւ բարձր գնահատեց ՀՕՄի դերակատարութիւնը գաղութի ազգային կեանքէն ներս: Ան կոչ ուղղեց ՀՕՄուհիներուն որ ընդարձակեն իրենց գործեդալաշտը եւ որդեգրեն այնպիսի ծրագիրներ, որոնք կը խօսին երիտասարդութեան սրտերուն եւ զիրենք կը ներգրաւեն նման աշխատանքներու մէջ:

Հիւրերու ցանկին էին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Վիքէն Քորթեան, Համազգային Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Վիքէն Քալօղլեան եւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան խորհրդակցական ձայնով հիւր ընկ. Ասատուր Շուկայեան:

Ժողովը անցաւ իր օրակարգերու լուծման , տեղի ունեցան յանձնախումբերու ընտրութիւնները, օրուայ դիւան ընտրուեցան ընկերուհիներ Նինա Գաբրիէլեան եւ Մարալ Փիլիպոսեան որպէս նախագահներ, իսկ ընկերուհիներ Մարալ Պարսումեան եւ Այդա Սարեան որպէս քարտուղարներ: Ժողովին արծարծուեցան Հ.Օ.Մ ը եւ գաղութը մտահոգող հարցեր, տեղի ունեցան առողջ փոխադարձ զրոյցներ եւ կարծիքներու փոխանակումներ: Ժողովը կատարեց շինիչ քննարկումներ եւ առաջարկներ Հ.Օ.Մ ի եւ գաղութի առնչութեամբ ինչպէս նաեւ եղան առաջարկներ եւ քննարկումներ Հայրենիքը յուզող ընկերային հարցերու շուրջ:

Ժողովը յաջող ու բարգաւաճ ընթացք ունեցաւ իր քննարկումներով եւ արժեւորումներով: Ժողովը բարձր գնահատեց շրջանաւարտ Շրջանային վարչութիւնը ի հանդէպ իրենց տարած հոյակապ ու արդիւնաւէտ գործունէութեան:

ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ նոր Շրջանային վարչութեան ընտրութիւնը բաղկացած հետեւեալ ընկերուհիներէ՝ Նորա Սեւակեան, Նինա Գափրիէլեան, Կարինէ Առաքել, Ժանէթ Միքայէլեան, Սիլվա Փամպուքեան, Արփինէ Գըլըճեան եւ Էլօ Մկրտիչեան: Փոխ անդամ Ճինա Մազլումեան:

Տեղի ունեցաւ նաեւ 72-րդ Համահայկական ժողովին շրջանս ներկայացնող պատգամաւորի ընտրութիւնը:

Նմանապէս եղան շնորհաւորական խօսքեր եւ յաջողութեան մաղթանքներ նորընտիր վարչութեան: Շնորհակալութիւններ փոխանցուեցան Արազ մասնաճիղի վարչութեան օրուայ հիւրասիրութեան պարտականութիւնը ստանձնելնուն համար, ինչպէ նաեւ ժողովին իրենց գործօն ներդրումը բերող բոլոր ընկերուհիներուն եւ հիւրերուն:

Վարձքը կատար շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան, Բազում յաջողութիւն նորընտիր Շրջանային վարչութեան:

Թղթակից
Ընկհ. Իշխանուհի Յակոբեան

comments

Advertisement