Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդները կը յիշեն Լիզպոն 5-ը

By armenia.com.au | Saturday, 27 July 2019



Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան «Բեկոր» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 21 Յուլիս 2019-ին, «Ս. Երրորդութիւն» եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, Լիզպոնի հինգ տղոց անմահ հոգիներու յիշատակին:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան «Բանոյեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ ոգեկոչման յայտագիր` Հայ Դատի արդար պահանջատիրութեան զոհասեղանին իրենց կեանքերը նուիրած, անմահ հինգ հերոսներու յիշատակը յաւերժացնելու համար:

«Բեկոր» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսք ընթերցեց Յակոբ Օրլեան: Գէորգ Պարսումեան ընթերցեց դէպի գիտացեալ մահ ուղղուած հինգ հերոսներուն ձգած նամակները: Աննա Պարսումեան ներկայացուց  Լիզպոնի գործունէութեան ժամանակագրութիւնը: Յակոբ Զարմանեան մեներգեց Լիզպոնի տղոց անմահ յիշատակին: Տարօն Կիրակոսեան փոխանցեց «Բեկոր» մասնաճիւղի վարչութեան պատգամը: Յակոբ Շիշոյեան փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը եւ Հերոս Գրիգորեան փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ «Քեռի» ենթակոմիտէի պատգամը:

Ոգեկոչման յայտագրին յաջորդեց հոգեճաշ, «Բանոյեան» կեդրոնէն ներս:

comments

Advertisement