Նախարար Մասիս Մայիլեան Հանդիպեցաւ նիւ Սաութ Ուելսի նահանգապետ Կլատիս Պէրէճիքլեանի Հետ

By Asbarez | Friday, 02 August 2019

0802mayilian

ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոս 1ին, Աւստրալիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ նիւ Սաութ Ուելսի նահանգապետ Կլատիս Պէրէճիքլեանի հետ։

Սիտնիի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Արցախի եւ նահանգին միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ կապերու ամրապնդման վերաբերեալ՝ հաշուի առնելով այն, որ նիւ Սաութ Ուելս նահանգի խորհրդարանը 2012ին ճանչցած է Արցախի Հանրապետութիւնը:

Կողմերը անդրադարձան նաեւ Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգի յառաջմղման առումով Հայկական Սփիւռքի դերակատարութեան բարձրացման վերաբերեալ հարցերու: Այս պարունակին մէջ Մասիս Մայիլեան ներկայացուց Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները եւ այդ բնագաւառին մէջ առկայ մարտահրաւէրները:

Իր կարգին Կլատիս Պէրէճիքլեան խօսեցաւ վերջերս Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն մասին:

Նախարար Մայիլեան նշեց, որ Արցախի մէջ բարձր կը գնահատեն Պէրէճիքլեանի գործունէութիւնը, յատկապէս համահայկական հարցերու բարձրացման վերաբերող, եւ զայն Արցախ հրաւիրեց։

Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Աւստրալիոյ նիւ Սաութ Ուելս նահանգի օրէնսդիր ժողովի խօսնակ Ճոնաթըն Օ՛տէան եւ օրէնսդիր խորհուրդի նախագահ Ճոն Աճաքան, ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախմբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան:

Պատուիրակութիւնը նաեւ հանդիպում ունեցաւ նիւ Սաութ Ուելսի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի հետ:

comments

Advertisement