Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աւստրալիոյ Վկայեալ Կարգի սեմինարին

By armenia.com.au | Sunday, 04 August 2019



Սիտնի.- Կիրակի՝ 28 Յուլիս 2019-ին, Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աւստրալիոյ Շրջանային Խմբապետութեան եւ մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աւստրալիոյ «Անդրանիկ», «Արարատ» եւ «Նաւասարդ» մասնաճիւղերէն եօթը խմբապետներու, Արարատ ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ «Վկայեալ Կարգ»ի սեմինարին երկրորդ հանդիպումը:

Սեմինարի Մասնակցող խմբապետները ունկնդրեցին օգտաշատ դասախօսութիւններ, որոնք ներկայացուեցան դասախօսներ՝ Ռաֆֆի Նաճարեանի, Ալիս Մոմճեանի, Պօղոս Պալիոզեանի, Սեւան Պազարճեանի եւ Արա Պոյաճեանի կողմէ: Դասախօսութիւնները կ’ընգրկէին համաշխարհային սկաուտութեան, խմբապետի ղեկավար հասկացողութեան, խումբի եւ միաւորի դրութեան կարեւորութեան ու գործելակերպի, աստիճանաւորական եւ խմբապետական ժողովներու հանգամանքին ու կարեւորութեան եւ սկաուտական գործելակերպի հիմնական սիւներուն առնչուող զանազան սկաուտական նիւթեր:



Դասախօսութիւններէն ետք, սեմինարի մասնակցող խմբապետները պատասխանեցին դասախօսութիւններու կապակցութեամբ պատրաստուած հարացաթերթին եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը փոխանցեց իր պատրաստելիք թեզի նիւթը:

Տեղին է նշել, թէ «Վկայեալ Կարգ»ի սեմինարի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր, Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ին: Յառաջիկային սեմինարի աշխատանքները պիտի շարունակուին եւ կազմակերպուած է այլ հանդիպումներ:

comments

Advertisement