Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան հիմնադրութեան քառասուն ամեակին նուիրուած հաւաք

By armenia.com.au | Saturday, 24 August 2019



Շաթաբ, 10 Օգոստոս 2019-ին, Համազգայինի Գօլստն ճեմարանի «Նալպանտեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան հիմնադրութեան քառասուն ամեակին նուիրուած հաւաքը, որուն ներկայ էին՝ 1979-ին հիմնուած Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ քառասուն ամեայ Երիտասարդական Միութեան շարքերէն անցնող եւ ներկայիս շարքերուն մէջ եղող աւելի քան 150 անդամներ:

Օրուան բեմավարներն էին, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան նախքին անդամներէն՝ Ներսէս Պալիօզեան եւ Յակոբ Պօղոսեան, որոնք ճոխացուցին հաւաքը եւ խանդավառեցին ներկաները:

Սրահը զարդարուած էր բազմաթիւ յիշատակելի նկարներով, Երիտասարդական Միութեան շապիկներով եւ օրացոյցերով, որոնք կը պատկերացնէին Միութեան քառասուն տարուայ բանակումները, կազմակերպած ցոյցերը, ճամբարները, պտոյտներն ու բազմաթիւ այլ աշխատանքները:

Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի անունով խօսք առաւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ Արա Մկրտիչեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, իր խօսքը սկսաւ ըսելով՝ «Ամեակները առիթներ են յիշելու անցեալը եւ իրարու հետ թարմացնելու անցեալի յիշատակները»:

Անդադառնալով ինքնութեան պահպանումի, երիտասարդութեան համախմբումով հզօրացման եւ հայ դատի տէր կանքնելու առաջադրանքներէն մեկնելով հիմնուած Երիտասարդական Միութեան, ան ըսաւ՝ «Մենք կը հաւատանք, թէ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան ծնունդը պատահականութեան արդիւնք չէր, այլ խոր համոզումի: Որովհետեւ մեր միութիւնը միշտ պատրաստ է ըլլալ հայութեան կողքին երբ ան դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ: Մեր միութիւնը պատրաստ է ծառայելու հայութեան Հայաստանի թէ Արցախի մէջ: Մեր միութիւնը կը հաւատայ Հայութեան ինքնութեան պահպանման կարեւոր գործին:

Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը այս քառասուն տարիներու ընթացքին փաստած է իր գոյութիւնը, իր կատարած բազում աշխատանքներով Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ կառոյցը հպարտ է իր Երիտասարդական Միութեան քառասուն ամեայ աշխատանքներով եւ խորապէս կը հաւատայ, թէ այս միութիւնը կազմակերպութեան կարեւոր հիմնաքարերէն մին է»:

Ան իր խօսքին մէջ հպարտութեամբ յայտնեց նաեւ, թէ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը ծաւալած է եւ այսօր ունի երեք Երիտասարդական եւ երեք Պատանեկան մասնաճիւղեր, թելադրելով ներկաներուն քաջալերել իրենց զաւակներն ու թոռները մաս կազմելու այս միութեան, ծառայելու Հայաստանին եւ Արցախին:

«Կը հաւաստիացնեմ, թէ մեր աշխատանքները պիտի շարունակուին, մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, մինչեւ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքներու կերտումը եւ մինչեւ աւելի լաւ ու արդար Հայաստանի կերտումը, որպէս հիմնաքար Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտման», ըսաւ Մկրտիչեան եզրափակելով իր խօսքը:

Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց, վարչութեան ատենապետ՝ Արամ Թիւֆէնքճեան: Ան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, թէ Կեդրոնական Վարչութեան կազմը այսօր հպարտ է, որ ընտրուած է ղեկավարելու Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը, շարունակելով նախնիներու սկսած հզօր աշխատանքը:

Թիւֆէնքճեան շետշտեց, թէ 1979-ին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներէն՝ Բաբգէն Փափազեանի այցելութեամբ հիմնուած Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը, առիթ ընծայեց Աւստրալահայ երիտասարդներուն իր միջոցաւ ծառայելու Հայրենիքին եւ Արցախին, ապրելով հանդերձ սփիւռքի այս հեռաւոր ափերուն մէջ: Ան, մանրամասն անդրադառնալէ ետք քառասուն ամեայ միութեան լայնածաւալ աշխատանքներուն եւ արձանագրած յաջողութիւններուն, իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով միութեան նախքին բոլոր ղեկավարներուն եւ անդամներուն, որոնք ջանք չխնայեցին հզօրացնելու միութիւնը եւ հետապնդելու միութեան նպատակները:

Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ հիմնադրութեան քառասուն ամեակի տօնակատարութեան այս հաւաքի ընթացքին, Երիտասարդական Միութեան շարքերէն անցնող ներկաները խօսեցան իրենց փորձառութիւններուն մասին եւ իրենց միութենական կեանքէն հաճելի դէպքեր պատմելով, թարմացուցին անցեալի յիշատակները: Ներկաները յիշեցին նաեւ, իրենցմէ առ յաւետ բաժնուած բոլոր անդամները, հաստատելով, թէ Երիտասարդական Միութեան հզօրացումը եւ աշխատանքներու ծաւալումը անոնց յիշատակը յարգելու լաւագոյն միջոցն է:

«Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք ներկայ գտնուեցան այս տօնակատարութեան, յատկապէս տօնակատարութիւնը կազմակերպող յանձնախումբին, ամիսներու իր տարած անսակարկ աշխատանքին համար», ըսաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան ատենապետ՝ Արամ Թիւֆէնքճեան:

comments

Advertisement