Հայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն Մելպուրնի Մէջ

By armenia.com.au | Wednesday, 04 September 2019



Կազմակերպութեամբ Մեսրոպ Մաշտոց-Մատթէոսեան վարժարանի հոգաբարձութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ ուսուցչական կազմին, Կիրակի, 1 Սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտուն, Մելպուրնի հայ կեդրոնի սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ հայրերու օրուան նուիրուած տօնակատարութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէն` Պրն Գէորգ Գրոզեան, որմէ ետք հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Արամ Մանճիկեան power point-ի միջոցաւ ներկայացուց դպրոցի ներկայի եւ յառաջիկայի ծրագիրները ։

Մտերմիկ եւ ընկերային ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, աշակերտները առիթ ունեցան երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով իրենց երախտագիտութիւնն ու սէրը արտայայտել իրենց հայրերուն։

comments

Advertisement