Դաշնակցային Ղեկավարութեամբ Առաջին Աւստրալիական Պատուիրակութինը Հայաստան Պիտի Այցելէ

By armenia.com.au | Wednesday, 18 September 2019



Քանպերա.- Աւստրալիոյ
Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ դաշնակցային ղեկավարութեամբ առաջին Աւստրալիական պատուիրակութինը Հայաստան պիտի այցելէ քաղաքական եւ գործարարական հանդիպումներու նպատակով, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի միջեւ փոխ յարաբերութիւններու զարգացման ակնկալութեամբ։

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Աւստրալիա-Հայաստան միջ-խորհրդարանական միութեան (Բարեկամական Խումբ) կազմակերպութեամբ Հայաստան այցելող Աւստրալիական պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ երեք դաշնակցային եւ մէկ պետական խորհրդարանականներէ, ինչպէս նաեւ հինգ Հայ եւ Աւստրալիացի գործարար ղեկավարներէ։

Պատուիրակութեան այցելութիւնը պիտի սկսի Սեպտեմբերի վերջաւորութեան։ Յաւելեալ մանրամասութիւններ եւ պատուիրակութեան մաս կազմող անդամներու անունները պիտի յայտարարուին գալիք օրերուն։

comments

Advertisement