Դամբանական Հայկուհի Սողոմոնեանի

By Armenian Relief Society - Australia | Friday, 08 November 2019

Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Դամբանական՝ Հայկուհի Սողոմոնեանի



Այսօր հաւաքուած ենք մեր վերջին հրաժեշտը տալու, Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան "Սօսէ" Մասնաճիւղի հաւատաւոր եւ բոլորէն սիրուած ու յարգուած ընկերուհի՝ Հայկուհի Սողոմոնեանին։

Ողբացեալ ընկերուհին ծնած է 10 Ապրիլ, 1923-ին, Գահիրէ - Եգիպտոս․ դուստրն էր Յակոբ եւ Մարիանի Ինճիճեանի։ Եղած է ընտանիքի 2րդ զաւակը, երեց եղբայրն է՝ Վահրամ որ կ’ապրի Լոս Անճելոս իսկ կրտսեր քոյրը՝ Ազատուհին եւ  եղբայրը՝ Տոքթ․ Ալպէր մահացած են ժամանակէ մը ի վեր։

Ընկերուհի Հայկուհին իր ուսումը ստացած է Գահիրէի Կէօզիպէյուգեան եւ  Մանիսարեան Վարժարաններուն մէջ։ 16 տարեկանին դժբախտութիւնը կ’ունենայ կորսնցնելու իր հայրը, սակայն ինք ուսման հանդէպ ունեցած բացառիկ սիրոյ ու կարողութեան պատճառով,  կը հակի դաստիարակչական ասպարէզին, պաշտօնավարելով Մանիսարեան Վարժարանէն ներս որպէս մանկապարտէզի ուսուցչուհի, միշտ սիրուած ու յարգուած բոլորէն։

1942-ին կը հանդիպի իր կեանքի ընկերոջ, հայու արժանի զաւակ՝ Յակոբ Սողոմոնեանին և կը կազմէն հայկական տաքուկ բոյն մը․ կը բախտաւորուին 3 զաւակներով՝ Գրիգոր, Մարի և Օննիկ։ Հետագային ընտանիքը բազմանալով կը բախտաւորուին՝ Զաւէն փեսայով եւ Անի ու Սօնիա հարսերով, ինչպէս նաեւ 6 թոռներով ու 10 ծոռներով, որոնց հանդէպ ունեցած է անխոնջ ու անսահան սէր ու գուրգուրանք։

1963-ին Սողոմոնեանները կը գաղթեն Աւստրալիա եւ կը հաստատուին Սիտնի։ Հակառակ նոր երկիր հաստատուելու բոլոր դժուարութիւններուն, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գաղութի ազգային միութենական աշխատանքներուն եւ իրենց օրինակով ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան սերմերը կը ցանեն իրենց զաւակներուն հոգիներուն մէջ, մղելով որ իրենք ալ անմասն չի մնան ազգային աշխատանքներէն։

Ընկերուհի Հայկուհի շուտով կ’անդամագրուի Սիտնիի նորակազմ ՀՕՄ-ի "Սօսէ" միաւորին, ըլլալով գիտակից, տիպար եւ օրինակելի ՀՕՄուհի մը, բերելով իր անսակարկ զոհողութիւնը միութեան զանազան գործերուն, յատկապէս յանձնախմբային աշխատանքներուն մէջ։

2015-ին ընկերուհին արժանացած է Հայ Օգնութեան Միութեան 50 տարուայ ծառայութեան համար, Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան գնահատագրին ու Միութեան շքանշանին։

1999-ին, դժբախտութիւնը կ’ունենայ կորսնցնելու իր 57 տարուայ կեանքի ընկերը, ամուսինը՝ Յակոբը։ Ընկերուհի Հայկուհին վերջին տարիներուն իր յառաջացած տարիքի բերումով, ինչպէս նաեւ առողջութեան պատճառով չէր կրցած իր գործօն մասնակցութիւնը բերել միութենական գործերուն, սակայն միշտ ուրախութեամբ հետեւած էր իր սիրած միութեան աշխատանքներուն։    Հետաքրքրութեամբ կ’ուզէր տեղեկութիւններ ստանալ ՀՕՄ-ի ընկերուհիներէն որոնք իրեն այցելութեան կու գային։

Ողբացեալ ընկերուհին մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ 10 Սեպտեմբեր, 2019-ին, սուգի մատնելով իր ընտանիքը ու հարազատները։ Ան հաւատացեալ էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ միշտ գոհունակութիւն ու փառք կու տար Աստուծոյ իրեն ընծայած կեանքին համար։

Հրաժեշտի այս տխուր պահուն, Հ․Օ․Մ․-ի Շրջանային Վարչութեան եւ իր չորս մասնաճիւղերու  անունով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Սողոմոնեան և Չէչէնեան ընտանիքներուն եւ իրենց հարազատներուն։

Յիշատակդ անթառամ սիրելի ընկերուհի: Հողը թեթեւ գայ վրադ։


- Յասմիկ Զառացեան, Սիտնի (13.09.2019)

comments

Advertisement