Դամբանական Զաւէն Բրուտեանի

By ARF-AU | Friday, 08 November 2019

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դամբանական` Զաւէն Բրուտեանի



Զաւէն Բրուտեան ծնած է Եգիպտոսի Զակազիկ գիւղաքաղաքը 1931-ին։ Ան զաւակն էր Վարդան եւ Էօժէնի Բրուտեաններուն, որոնք 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճողոպրածներու սերունդին կը պատկանէին։ Ողբացեալ Զաւէնը երրորդ զաւակն էր Բրուտեան ընտանիքին, ունենալով իր մեծ եղբայրները՝ Գաւանը, Աւետիսը և կրտսեր քոյրը՝ Թագուհին։

Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Պօղոսեան Ազգային Վարժարանին մէջ, Աղեքսանդրիա։ 1945-1948 յաճախած է Անթիլիասի Դպրեվանքը, Լիբանան։ Անթիլիաս եղած շրջանին իր դասընկերներէն եղած են, Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Թրթռեանը, Գարեգին Սարգիսեանը՝ որ Կիլիկիոյ Գարեգին Բ․ եւ ապա, Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա․ Կաթողիկոս եղաւ։ Ուսուցիչներէն եղած են, Բիւզանդ Եղիաեանը, Շահան Պէրպէրեանը, Դերենիկ Եպիսկոպոս Փօլատեանը, Համբարձում Պէրպէրեանը եւայլն։

1948-ի վերջերը Դպրեվանքը ձգելով կը վերադառնայ Աղեքսանդրիա ուր  կը շարունակէ ուսումը` Technical College-ի մէջ եւ կը ստանայ Licence Electrician վկայականը եւ այդ կ’ըլլայ իր կեանքի ապրուստը ապահովելու միջոցը։

1949-ին կ’անդամակցի Աղեքսանդրիոյ "ՀՄԸՄ -Կամք" միութեան։ Յատուկ սէր ունեցած է մարզանքի նկատմամբ ու հետեւաբար անմիջապէս մաս կազմած է հետեւեալ մարզական խաղերուն․ ձողով ոստումի եւ 100, 200 եւ 400 մեթր վազքերու եւ դրօշարշաւներու։ Որպէս հանրածանօթ մարզիչներ, ունեցած է Կարպիս Քիւփելեանը, Կարօ Մոմճեանը եւ Ստեփան Խանճեանը։

1953-ին Եգիպտոսի համահայկական ողոմպիական խաղերուն՝ Գահիրէի մէջ, ձողի ոստումի իր չափանիշը եղած է 3․53 մեթր, տիրանալով Եգիպտոսի ախոյանութեան 3րդ․ դիրքին․ իսկ նոյն տարին Աղեքսանդրիոյ մէջ մռցոյթի ընթացքին տիրացած է առաջին դիրքին։ Եւ այսպէս շարունակ Համահայկական խաղերու առթիւ քանիցս տիրացած է ախոյանութեան տիտղոսին։

Ողբացեալը, 1953-էն 1957 ծառայած է Եգիպտական բանակին եւ ստացած է տասնապետի աստիճան։ Սակայն 1957-էն սկսեալ Եգիպտոսի քաղաքական եւ տնտեսական պայմաններու վատթարացումով, Եգիպտոսի հայ գաղութի մէկ կարեւոր մասը կը սկսի երկիրը ձգել ու գաղթել դէպի Ամերիկա, Գանատա եւ Աւստրալիա։ 1963-ին ինք եւս իր ընտանիքին հետ կը գաղթէ Աւստրալիա եւ կը հաստատուի Սիտնի։

1965-ին Եղբ․ Զաւէն կ’անդամագրուի Սիտնիի մէջ նոր հիմնուած ՀՄԸՄ-ին, սիրով յանձն առնելով մարզիչի պատասխանատուութիւնը եւ միութեան այլ եղբայրներու հետ միասին կազմակերպելով ՀՄԸՄ-ի տարեկան Նաւասարդեան խաղերը, որոնք տեղի կ’ունենային տարի մը Սիտնի եւ տարի մը Մելպուրն։ Տարիներ ետք ՀՄԸՄ-ի նոր մասնաճիւղ մը կը հիմնուի Սիտնիի Արեւելեան շրջանին մէջ եւս, մասնաճիւղը անուանելով "Կամք" այս անունը եղբ․ Զաւէնին շատ հարազատ կը հնչէ, յիշեցնելով Աղեքսանդրիոյ Կամքը՝ ուր ինք հասակ առած էր։

Մարզական փորձերը ֆութպօլ, պասքէթպօլ, աթլեթիզմ  եւայլն, ինչպէս նաեւ սկաուտական եւ գայլիկական հաւաքոյթները, խաղերը եւ գիտելիքները կը կատարուէին Ուիլուպիի Հօլըսթրօմ փարքին վրայ ամէն Կիրակի առաւօտները։ Եղբ․ Զաւէն պատասխանատու այլ եղբայրներու հետ միասին հոն էր, միշտ պարտականութեան վրայ ։

Եղբ․ Զաւէն քանիցս ընտրուած է ՀՄԸՄ-ի Սիտնիի մասնաճիւղի վարչական անդամ ու բծախնդրութեամբ կատարած  վարչական իր պատասխանատու պարտականութիւնները։

1979-ին Աւստրալիոյ ՀՄԸՄ-ը կը ստանայ Շրջանային կարգավիճակ եւ Եղբ․ Զաւէն ալ կ’ընտրուի Աւստրալիոյ առաջին Շրջանային Վարչութեան անդամ։ Լաւ գիտակցելով այս պատասխանատու պաշտօնի լրջութեան, ան իր լաւագոյնը կու տայ ամենայն բծախնդրութեամբ եւ այդ պատճառով ալ զինք կ’ընտրեն երկրորդ երկամեակի համար եւս։

Հանգուցեալ Եղբայր Զաւէն իր անխոնջ ծառայութեան համար կը ստանայ ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան շքանշան, ու 2007-ին՝ այս անգամ, ՀՄԸՄ-ի երկար տարիներու անձնուէր ու ջանասէր ծառայութեան համար կը ստանայ ՀՄԸՄ-ի Արժանեաց Շքանշանը։

1965-ին կը hանդիպի իր կեանքի ընկերոջ` Վարդուհի Փապուճեանին, կ’ամուսնանան եւ կը բախտաւորուին երկու մանջ զաւակներով՝ Ճորճ եւ Կրէկօրի։ Ողբացեալը երջանկութիւնը ունեցած է տեսնելու իր երկու թոռները եւս՝ Քէյթին եւ Նինան։

Ընկեր Զաւէն անդամակցած է նաեւ  Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կազմին, ըլլալով հաւատաւոր եւ կարգապահ կուսակցական մը։ Ան իր բծախնդիր բնաւորութեան բերումով, պարտաճանաչութեամբ տարած է իրեն վստահուած բոլոր աշխատանքները։

Հիմա կ’ուզեմ անդրադառնալ ողբացեալ Զաւէն Բրուտեանի միւս երեսին, ընտանեկան երեսին։

Փոքր տարիքէս ճանչցած եմ զինք իբրեւ Զաւէն տայտայ, ես այդպէս գիտէի։ Ինծի համար ան եղած էր ընկերասէր, կատակասէր, զուարճախօս ընտանիքի մարդը՝  հարազատ շրջանակի մէջ։

Առաջին յիշողութիւնս եղած է մեր ընտանեկան հաւաքոյթներուն, իր եղբօր՝ Գաւան տայտայիս միջոցաւ (որ իմ հօրքեռայրս կ’ըլլար) ուր միասին կ’ուտէինք, կ’երգէինք, կը կատակէինք, կը զուարճանայինք, այդ անոյշ յիշատակները դեռ շատ թարմ են մտքիս մէջ։

Ողբացեալը բացառիկ սէր ունէր ձկնորսութեան։ Կը յիշեմ մանկութեան օրերէս երբ ես ալ կ’ընկերանայի մեծերուն, Գաւան եւ Զաւէն տայտայներուս հետ միասին ձկնորսութեան կ’երթայինք Harbour Bridge-ին տակ եւ ձկնորսութեան ամենապարզ - աղքատիկ եղէգներով՝ 20 - 30 վայրկեաններու մէջ 10 - 15 ձուկեր բռնած, իրիկուայ ճաշը արդէն ապահոված տուն կը վերադառնայինք։

Զաւէն տայտայս ձկնորսութեան սիրահար դարձած էր, գրեթէ ամէն օր արտու կանուխէն, նախքան գործի երթալը, պէտք է երթար ձկնորսութեան օրուայ պաշարը ապահովէր ու ապա գործի երթար։

Հիւրասէր էր, երբ սառնարանը լեցուած էր չէր մոռնար մեզի եւս բաժին հանելու այդ ձուկերէն, կը հրաւիրէր իր տունը որ միասին վայելենք հպարտութեամբ որսացուած եւ խարկուած ձուկերը։

Ինչպէս ըսի, հակառակ իր լուրջ բնաւորութեան, մտերմիկ շրջանակի մէջ տարբեր անձ էր՝ կատակասէր, զուարճախօս։ Մեր ընտանեկան հաւաքոյթներուն անպայման իր կատակախօսութիւններով կը զուարճացնէր մեզի։ Կը յիշեմ կաղանդի գիշերները, գիտէինք որ կաղանդ պապա ըլլլալը միայն իրեն կը վայելԷր։ Երբեմն ալ մեր հաւաքոյթներուն, յանկարծ դուռը կը զարնուէր եւ երբ դուռը բանայինք մեր դիմաց կ’ելլէր այս անգամ կնկայ հագուստով ծպտուած Զաւէն տայտայը․ պզտիկներուս հրճուանքը եւ ուրախութիւնը անսահման կ’ըլլար։ Մեզ ուրախացնելու եւ զուարճացնելու համար ինչե՜ր չէր ըներ, մենք այդպէս գիտէինք զինքը մեզի համար շատ ջերմ ու հարազատ շրջապատի մէջ։

Փոքր տարիքիս ինծի համար Զաւէն տայտայ էր, երբ մեծցայ եւ այս անգամ ՀՄԸՄ-ի մէջ գործակիցներ եղանք, եղբայր Զաւէն էր։ Մենք յաճախ միասնաբար կազմակերպած ենք ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան խաղերը Սիտնիի եւ Մելպուրնի մէջ։ Եղբայր Զաւէնը դաշտին վրայ միշտ կեդրոնական ներկայութիւն էր։ Մայքրօֆօնը ձեռքին եւ իր յատուկ տիրական շեշտով կը հրամայէր՝  "Ուշադրութիւն - ուշադրութիւն, ան որ դաշտին մէջ գործ չունի, դաշտէն դուրս" եւ այս խօսքը տարիներ շարունակ իրեն յատկանիշը եղած էր։ Պէտք է ըսել որ բոլորն ալ կը հնազանդէին եւ դաշտը կը մաքրուէր՝ պատրաստ օրուայ մռցումներուն։

Սիրելի Զաւէն, թէեւ այսօր տխուր ենք որ դուն մեզմէ առ յաւէտ կը բաժնուիս, բայց գիտենք որ դուն ապրեցար լեցուն եւ շէն կեանք մը, շէնցնելով նաեւ քու շուրջդ բոլորը, քեզ պիտի յիշենք քու այդ ապրած կեանքիդ յուշերով որ խոր տպաւորութիւն ձգած է մեր եւ քեզ ճանչցող բոլորին վրայ։

Յիշատակդ անթառամ։


- Վիգէն Քորթեան, Սիտնի (25.10.2019)

comments

Advertisement