ՀՕՄ Աւստրալիոյ Սօսէ Մասնաճիւղը կը տoնէ Նոր Տարին և Սուրբ Ծնունդը

By armenia.com.au | Monday, 16 December 2019




Սիտնի.- ՀՕՄ Աւստրալիոյ Սօսէ Մասնաճիւղը տoնեց Նոր Տարին և Սուրբ Ծնունդը հինգշաբթի 5 Դեկտեմբեր 2019:

Ըստ սովորութեան տեղի ունեցաւ Bingo-ի խաղը որմէ յետոյ օրուայ բեմավարը Նոր տարուայ եւ Ս. Ծնունդի առթիւ տուաւ իր պատգամը ներկաներուն, մաղթելով՝ 2020 տարեշրջանը ըլլայ երջանկութեան եւ յաջողութեան տարի, շարունակելով յայտագիրը տեղի ունեցաւ հետաքրքրական գիտելիքներու եւ զուարճալիք խաղերու բաժին մը, նաեւ տեղի ունեցաւ սովորութիւն դարձած տարեդարձը այն ընկերուհիներուն որոնք ծնած էին Դեկտեմբեր ամսուն մէջ:

Տարեդարձէն յետոյ Կաղանդ Պապան ժամանեց ու նուէրներ բաշխեց բոլորին, ներկաները բարձր տրամադրութեամբ կաղանդ պապային հետ միասնաբար երգերով ու պարերով վայլեցին հաճելի ու ջերմ մթլորորտ:

ՀՕՄ–ի Սօսէ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհին փոքր նուէրով մը բարձր գնահատեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբին, իրենց կատարած կամաւոր աշխատանքին:

Սիրելիներ չկայ աւելի մեծ հոգեկան գոհացում, որքան ՀՕՄ–ի ճամբով ծառայել Հայ Ազգի կարիքներուն, վարձքերնիդ կատար Յանձնախումբի ընկերուհիներ։

Համախմբումի Յանձնախումբը իր աշխատանքին պիտի վերադառնայ յաջորդ տարի Փետրուարի առաջին հինգշաբթին 6 Փետրուար 2020. Կը շնորհաւորենք ձեր բոլորին Նոր Տարին եւ Ս.Ծնունդը մաղթելով ամէնայն բարիք:

comments

Advertisement