Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական-Ուսանողական միութիւններու Համահայկական Խորհրդաժողովին

By armenia.com.au | Sunday, 29 December 2019



ԵՐԵՒԱՆ.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին, 5-7 Դեկտեմբեր 2019-ին, Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական միութիւններու համահայկական խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովին ներկայ էին 20 երկիրներէ 44 ներկայացուցիչներ: Աւստրալիոյ շրջանէն վերոյիշեալ խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ֆրանսուա Փամպուքեան:

Խորհրդաժողովին հիմնական նպատակն էր՝ քննել եւ հաստատել երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու վերամշակուած հայեցակարգը, ռազմավարութիւնն ու գործառոյթները:

Խորհրդաժողովը իր օրակարգերուն վրայ քննարկեց Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեան առնչուող հարցերը:



comments

Advertisement