Աւստրալիահայ երիտասարդներ կը մասնակցին Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին երիտասարդ ջատագովներու ծրագրին

By armenia.com.au | Saturday, 11 January 2020



Քանպերա.- 27 եւ 28 Նոյեմբեր 2019-ին, Աւստրալիոյ մայրաքաղաք՝ Քանպերայի մէջ տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին տարեկան երկրորդ երիտասարդ ջատագովներու ծրագիրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնեակ մը Աւստրալահայ երիտասարդներ:

Ծրագրին հետեւող երիտասարդները իրենց մասնակցութիւնը բերին դասախօսութիւններու եւ դասընթացքներու, որոնք ներկայացուեցան փորձառու բանակցողներու կողմէ, բանավեճի արուեստին եւ քաղաքական քարոզչութեան ծանօթանալու նպատակով, ինչպէս նաեւ, Աւստրալիոյ խորհրդարանին մէջ հանդիպումներ ունեցան տասնեակ մը Աւստրալիացի քաղաքական գործիչներու հետ:

Խումբը կը բաղկանար երկրորդկան վարժարանը աւարտող աշակերտներէ, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան եւ Հայ Ուսանողական Միութեան Սիտնիի եւ Մելպուրնի անդամներէ, որոնք Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներու եւ գործադիր կազմի ընկերակցութեամբ մեկնեցան դէպի Քանպերա:

Ծրագիրը անմիջապէս ընթացք առաւ «Diplomat» հիւրանոցին մէջ,  Աւստրալիացի հրեաններու գործադիր խորհուրդէն օրդ. Սամ Խաւինի ջատագովութեան շուրջ ներկայացուցած դասախօսութեամբ, որմէ ետք, հովանաւորութեամբ ընդդիմադիր ուժի ներքին գործոց նախարար, ծերակուտական՝ Քրիստինա Քենելինի եւ կանաչներու ներգաղթողներու խօսնակ, ծերակուտական՝ Նիք Մաքքիմի, ծրագրի հետեւող երիտասարդները Աւստրալիոյ խորհրդարանէն ներս մասնակցեցան խորհրդարանական քննարկումի, մեծապէս ներգրաւուելով ապաստան որոնողներու քաղաքականութեան կապակցութեամբ:

Ապա, երիտասարդ ջատագովները բաժնուեցան խմբակներու, խորհրդարանականներուն հետ քաղաքական փորձ հանդիպումներ ունենալու համար: Յիշեալ հանդիպումներու ընթացքին, անոնք պաշտպանեցին Աւստրալահայ համայնքին եւ Աւստրալիոյ մեծ համայնքին առնչուող յատուկ նշանակութիւն ունեցող ընտրուած հարցեր: Հանդիպումներու մասնակցող խորհրդարանականներու շարքին էին՝ Թիմ Ուիլսոն, Թէյվ Շարմա, Փիթր Խալիլ, Քրիս Պօուէն, Ճուլիան Հիլ, Ճուլիան Լիզըր, Ճէյսն Ֆալինսկի, Թոնի Զափիա եւ Ճոշ Պէրնս:

Ջատագովութեան հանդիպումները շարունակուեցան յաջորդ օրը, որոնց յաջորդեց խորհրդարանական կարգի առնչուող ուսումնական ներկայացում, հովանաւորութեամբ նախկին Պաշտպանութեան նախարար, եւ ներկայիս ընդդիմադիր ուժի գիւղատնտեսութեան նախարար՝ Ճոէլ Ֆիցքիպոնի եւ իր աշխատակազմին:

Երիտասարդ ջատագովները առիթը ունեցան նաեւ հարց-պատասխանի հանդիպման մը, Walkley մրցանակի մրցանակակիր, լրագրող եւ The Sydney Morning Herald-ի սիւնակագիր՝ Քայլար Լուսիկեանի եւ նախկին քաղաքական խորհրդական եւ ներկայիս կառավարական յարաբերութիւններու մտարուեստական՝ Սասուն Կրիկորեանի հետ, ձեռք բերելով կարեւոր եւ եզակի պատկերացումներ լրատուամիջոցներու եւ քաղաքականութեան զբաղուած աշխարհի եւ խորհրդարանի մէջ անոնց կարեւոր դերին շուրջ:

Ապա, երիտասարդ ջատագովները մտան ներկայացուցչական պալատ, դիտելու օրուայ հարցերու նիստը:



«Երիտասարդ ջատագովները վերաշխուժացուցին հայկական հարցը Աւստրալիոյ խորհրդարանէն ներս, ապացուցելով մեր ազգի քաղաքական ղեկավարներուն, որ գոյութիւն ունին ջատագովներ, որոնք պիտի շարունակեն պայքարիլ Աւստրալահայութեան առնչուող կարեւոր հարցերուն համար», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:

«Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի երիտասարդ ջատագովները անցուցին հաճելի ժամանակ, իրենց սորված գիտելիքներուն եւ շահած փորձառութեան կողքին, անոնք առիթ ունեցան կարեւոր կապ մը ստեղծելու համախոհ Աւստրալահայերու հետ», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ եւ ծրագրերու համակարգող՝ Սարին Սողոմոնեան:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի  2019-ի թուականի երիտասարդ ջատագովներու ծրագիրը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի «Յակոբ Քորթեան» ուսումնաթոշակին, որը կը հասութարկէ Աւստրալահայ երիտասարդներու համար, քաղաքականութեան եւ լրատուամիջոցներու աշխարհի առնչութեան փորձառութիւններ ձեռք ձգելու նպատակով կազմակերպուած ծրագիրները:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քորթեան ընտանիքին, իրենց 2019 թուականի «Յակոբ Թորթեան» ուսումնաթոշակի մէկ մասը նուիրելուն, ապահովելու համար այս աճող եւ հանրաճանաչ ծրագրի յաջողութիւնը», աւելցուց Գայսէրեան:

comments

Advertisement