Հ․Մ․Ը․Մ․ Աւստրալիոյ 51րդ Նաւասարդեան միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը տեղի ունեցան Մելպուրնի մէջ

By armenia.com.au | Monday, 20 January 2020



Մելպուրն.- Հ
ՄԸՄ-ի Աւստրալիոյ միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը տեղի ունեցան   25-28 Դեկտեմբեր 2019 Մելպուրնի մէջ։ Այս խաղերուն, իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի Անդրանիկ, Արաքս, Նաւասարդ եւ Արարատ մասնաճիւղերու մարզական խումբերը։

Խաղերը սկսան՝ Չորեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2019-ին ժամը 6:30-ին Անդրանիկ եւ Արարատ մասնաճիւղերու բոլոր տարիքի տղոց ֆութպօլի խաղով, ուր ախոյեան հանդիսացաւ Հ
ՄԸՄ-ի Անդրանիկ մասնաճիւղը, որ շահեցաւ Թորոս Գահրամանեանի բաժակը։

Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբերին ժամը 9:00էն սկսեալ սկսան Պասքէթպօլի եւ ֆուցուլի մրցաշարքերը։

Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, նախքան մարզական տողանցքը Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Արաքս մասնաճիւղի սկաուտները կազմակերպած էին կարճ սկաուտական յայտագիր մը։

Կէսօրէ ետք ժամը 2:30ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը՝ մասնակցութեամբ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Աւստրալիոյ շեփորախումբին, Արաքս մասնաճիւղի սկաուտական կազմին եւ բոլոր մասնաճիղերու մարզական խումբերու տողանցքով։

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին, Մելպուրնի Քահանայ՝ տէր Խաչեր Յարութիւնեան, Հայ Առաքելական Թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչ, Հ․Յ․Դ կեդրոնական կոմիտէի եւ Մելպուրնի կոմիտէի ներկայացուցիչները, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի նախկին եւ ներկայ կեդրոնական վարչութեան անդամները, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչները, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի շրջանային վարչութեան անդամներ, մասնաճիւղերու վարչական անդամներ, յանձնախումբեր եւ հազարէ աւելի հայորդիներ։

Աւստրալիական,  Հայկական եւ Յառաջ նահատակ քայլերգներէն ետք, տեղի ունեցաւ մարզիկին երդումը, երեց եղբայր Գալուստ իփրիճեան եւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղէ 1 մարզիկ, Քոյր Անիդա Օհաննէսեան բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ եղբ․ Տերիք Քարամեան փոխանցելու շրջանային վարչութեան խօսքը:

Յարգելի՛ հիւրեր,

Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Մեծ ուրախութեամբ կ’ողջունենք Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Աւստրալիոյ միջ-մասնաճիւղային 51-րդ․ Նաւասարդեան մարզախաղերու պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը։

Հ․Մ․Ը․Մ․-ի նպատակը եղած է հաւաքել հայ երիտասարդութիւնը սփիւռքեան այս Հայահոծ գաղութներու մէջ, դաստիարակելու զանոնք հայկական հոգիով եւ զգացումներով։

Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Աւստրալիոյ այս մեծ ընտանիքը կը գտնուի իր առաքելութեան մայր հունին մէջ եւ կը շարունակէ այս նուիրական գործը։

Մարզախաղերը կը սկսին այսօր եւ բոլորս վճռած ենք այսօր անոր ամբողջական յաջողութեան։

Խաղերու ժամանակ պիտի ըլլան յաղթողներ եւ պարտւողներ, սակայն Հ․Մ․Ը․Մ․ականի ոգին պէտք է ըլլայ տիրապետողը։

Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Աւստրալիոյ շրջանային վարչութեան կողմէ կը շնորհաւորենք բոլոր մասնաճիւղերը, յանձնախումբերը, մանաւանդ Արաքս մասնաճիւղը որ ստանձնեց խաղերու կազմակերպական բաժինը եւ բարձր կը գնահատենք իւրաքանչիւրի ստանձնած պարտականութիւնը, կը շնորհաւորենք նոր տարին եւ Ս․ Ծնունդը մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։

Յանուն Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Աւստրալիոյ շրջանային վարչութեան բացուած կը յայտարարեմ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 51րդ միջ-մասնաճիւղային Նաւասարդեան մարզախաղերը։

Ապա քոյր Անիդա Օհաննէսեան հրաւիրեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ․ Տիրան վահրատեան փոխանձելու Հ․Մ․Ը․Մ․-ի կեդրոնական վարչութեան խօսքը։

Յարգելի՛ հիւրեր,

Շատ սիրելի ՀՄԸՄական քոյրեր եւ եղբայրներ,

Դարձեալ հաւաքուած ենք, միասնաբար ՀՄԸՄ-ի Աւստրալիոյ շրջանի Նաւասարդեան խաղերուն ներկայ գտնուելու, այս անգամ՝ Մելպուրնի մէջ, «Արաքս» մասնաճիւղին հիւրընկալութեամբ։

Նաւասարդեան խաղերը գեղեցիկ աւանդութեան վերածուած են ՀՄԸՄ-ի Աւստրալիոյ ընտանիքին համար։ Ամէն տարի Դեկտեմբերի վերջին օրերուն, շրջանի մասնաճիւղերուն մարզական խումբերը քով-քովի կու գան, խանդավառ մթնոլորտի մէջ իրարու դէմ կը մրցին եւ յաղթել-պարտուելէ անկախ՝ ՀՄԸՄ-ի առողջ եւ աշխոյժ կեանքին փաստը կու տան։

Այս խաղերը, որոնք 51-րդ անգամ ըլլալով տեղի կ’ունենան այս տարի, կ’ենթադրեն հսկայական ճիգ եւ պատրաստութիւն, որուն համար շնորհակալ պէտք է ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք անցնող ամիսներուն ծրագրեցին, կազմակերպեցին եւ աշխատեցան, որպէսզի մենք ունենանք յաջող եւ յիշատակելի խաղեր։

Շնորհակալութիւն հիւրընկալ «Արաքս» մասնաճիւղի վարչութեան եւ խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին։

Շնորհակալութիւն Շրջանային Վարչութեան, որ տարիներէ ի վեր կանոնաւոր կերպով կը կազմակերպէ այս խաղերը, որեւէ դժուարութեան առջեւ կանգ չառնելով։

Նաւասարդեան այս խաղերը սպասուած խաղեր են, որովհետեւ անոնք մարզիկներուն, մարզիչներուն, պատասխանատուներուն եւ խաղերուն հետեւող մեր ժողովուրդին մօտ կը ստեղծեն մեծ խանդավառութիւն։ Այս խաղերով մեր մարզիկները աւելի կը կապուին իրենց սիրելի միութեան՝ ՀՄԸՄ-ին։ Կը ստեղծուին անմոռանալի յիշատակներ, որոնք չեն վերջանար խաղերուն հետ, այլ՝ կը շարունակուին մինչեւ յաջորդ խաղեր։

Մեր մարզիկները, մեր երիտասարդները, մեր ներկան են ու մեր ապագան։ Երբ կը տեսնենք անոնց ուրախ դէմքերը, երբ կը դիտենք անոնց յաղթական մրցումները անպայման կը լեցուինք այն յոյսով, որ մեր շրջանին ապագան, մեր ժողովուրդի ապագան ապահով ձեռքերու մէջ է։ Այսպիսի երիտասարդութիւն ունեցող միութիւն մը պէտք չէ մտահոգուի ապագայով, ընդհակառակը՝ պէտք է ուրախանայ, թեւ ու թիկունք կանգնի այս քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որպէսզի անոնք իրենց յաղթական երթը շարունակեն նաեւ մարզադաշտերէն դուրս, մեր ակումբներուն մէջ, մեր համայնքի կեանքին մէջ, ուր մեր երիտասարդութիւնը շատ բան ունի ընելիք։

Այս առիթով եւ յանուն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կ’ողջունեմ Նաւասարդեան մարզախաղերուն կազմակերպումը եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլոր մասնակիցներուն, այն համոզումով, որ առաջնութեան մետալներէն եւ բաժակներէն առաջ, մեր մարզիկները կարեւոր կը նկատեն մարզական ոգիի պահպանումը, ՀՄԸՄական մթնոլորտի մէջ միասին քանի մը օր ըլլալը, իրարու ծանօթանալը եւ իրարմով զօրանալը։

Սիրելինե՛ր,

ՀՄԸՄ-ի համար մարզիկի մը անհատական յաջողութիւնը արժէք չունի, եթէ այդ յաջողութենէն միութիւնը չօգտուիր։

ՀՄԸՄ-ի համար մարզական խումբի մը առաջնութիւնը արժէք չունի, եթէ այդ խումբը հաւաքական եւ համերաշխ կազմ չունի։

ՀՄԸՄականը կը բարձրանայ եւ կը բարձրացնէ, կը սորվի եւ կը սորվեցնէ։

Անցնող 50 տարիներուն, այս համոզումով կատարուեցան Նաւասարդեան խաղերը, գալիք 50 տարիներուն եւս նոյն համոզումով պիտի կատարուին անոնք, քանի այս միութիւնը չի գործեր սովորական ակումբի մը՝ կամ քլապի մը նման, այլ կը գործէ իբրեւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, ազգային արժէքներով եւ ազգային նպատակներով։

Կեցցէք դուք։ Կեցցէ ՀՄԸՄը եւ կեցցէ իր զաւակները ՀՄԸՄ-ին վստահող մեր Հայ ժողովուրդը։

Ապա քոյր Անիդա հրաւիրեց տէր Խաչեր քահանայ Յարութիւնեան ուր անդրադարձաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկզբունքին, գնահատեց եւ քաջալերեց բոլոր մարզիկները եւ տէրունական աղօթքով փակեց իր խօսքը։

Խաղերը շարունակուեցան մինչեւ Շաբաթ 28 Դեկտեմբեր ժամը 4.00:

Յաղթանակի պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Մելպուրնի The Manor On High Սրահին մէջ ուր ներկայ էին 650 հայորդիներ, երեկոն խանդավառեց Գանատայէն հրաւիրուած երգիչ՝ Էլի Պերպերեան եւ իր նուագախումբը:

Ժամը 8:30-ին բեմ բարձրացաւ քոյր Անիդա Օհաննէսեան բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արաքս մասնաճիւղի ատենապետ՝ Եղբ. Աբօ Գաբլանճեան բարի գալուստի եւ շնորհաւորական խօսքերէն ետք բեմ բարձրացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ եղբայր Տէրիք Քարամեան ուր հետեւեալ խօսքը փոխանցեց

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ

Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Աւստրալիոյ շրջանային վարչութեան կողմէ բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեր բոլորին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 51րդ միջ-մասնաճիւղային նաւասարդեան մարզախաղերու այս եզրափակիչ հանգրուանին։ Առաջին հերթին կ’ուզեմ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնել Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Արաքս մասնաճիւղի վարչութեան նաեւ բոլոր վարչութիւններուն եւ յանձնախումբերուն, որ որեւէ ճիգ չի խնայեցին յաջողցնելու այս 4 օրերու տեւողութեան մարզախաղերու ընթացքը որ վերջ պիտի գտնէ այս գեղեցիկ եւ անմոռանալի ելոյթով։

4 օրեր առաջ հանդիսաւոր բացումը կատարեցինք 51րդ միջ- մասնաճիւղային մարզախաղերուն սկաուտական եւ մարզական տպաւորիչ տողանցքով։

Պատիւ բոլոր մարզիկ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, վարչական եւ մարզական պատասխանատուներուն։

Հ․Մ․Ը․Մ․ը եղաւ հետեւողականօրէն բարձրացող եւ բարձրացնող ներկայութիւն մը Հայ կեանքին մէջ։

Փառք ու պատիւ եւ բիւր յարգանք մեր բոլորին պաշտելի Հ․Մ․Ը․Մ․-իՆ։

Սիրելիներ, անգամ մը եւս կ’ողջունեմ ձեր ներկայութիւնը այս խրախճանքին, կը շնորհաւորեմ բոլոր յաղթական եւ ոչ յաղթական խումբերը, մարզիչները եւ պատասխանատուները, որոնց ճիգերու առաւելագոյնով նպաստեցին այս մեծ ձեռնարկի յաջողութեան։

Կը շնորհաւորեմ ձեր նոր տարին եւ Ս․ Ծնունդը, յաջողութիւն ձեր բոլորին եւ ի պատրաստութիւն 52րդ նաւասարդեան մարզախաղեր Սիտնի 2020-ին։

Պաշտօնական բացումէն ետք բեմ բարձրացաւ երգիչ՝ Էլի Պերպերեան եւ իր նուագախումբը որ երեկոն խանդավառեցին ջերմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մթնոլորտի մէջ մինչեւ առաւoտեան ժամերը:

comments

Advertisement