Հոգեհանգիստ Աւստրալիոյ ՀՕՄի ննջեցեալ բարերարներուն եւ հանգուցեալ ընկերուհիներուն յիշատակին

By armenia.com.au | Monday, 03 February 2020



Սիտնի.- Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութիւնը եւ իր չորս մասնաճիւղերը այս տարի եւս պիտի յարգեն ՀՕՄի արժանաւոր մայր՝ եւ բարերար

Մայր Սօֆիա Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ մեզմէ յաւէտ հեռացած ննջեցեալ ընկերուհիներու անթառամ յիշատակը:

Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ, Կիրակի 16 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Սիտնիի Հայ Առաքելական Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, 10 Macquarie Street, Chatswood.

Յաւարտ Ս. Պատարագին, ննջեցեալներու հոգիներուն ի հանգիստ, հոգեսուրճ եւ խմորեղէններ պիտի մատուցուին եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահէն ներս: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ պաշտօնական խօսքերու փոխանցում:

Հրաւիրուած են բոլոր ՀՕՄ-ուհիներն ու հայրենակիցները:

comments

Advertisement