Պրն. Անդրանիկ Ինճէճիկեան Համազգայինի Աւստրալիոյ Փափազեան Շաբաթօրեայ վարժարանի նորանշակ տնօրէն

By armenia.com.au | Monday, 03 February 2020

Համազգային Սեւան Մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Տիկ. Լինտա Եկէնեանին, իր ազգանուէր աշխատանքին՝ Փափազեան Շաբաթօրեայ վարժարանին, որպէս տնօրէնուհի։

Տիկին Լինտան մօտ քսանեօթ տարի ծառայած է, որպէս ուսուցչուհի եւ տնօրէն. Ձեր վարձքը կատար Տիկ. Լինտա, Հ. Սեւան Մասնաճիւղի Վարչութիւնը ձեզ քաջառողջութիւն եւ բարորութիւն կը մաղթէ:


Համազգային Սեւան մասնաճիւղի վարչութիւնը Փափազեան Շաբաթօրեայ վարժարանի ծնողներուն կը յայտնէ, որ 2020 թ․ տարեշրջանին Փափազեան Շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնեց Պրն. Անդրանիկ Ինճիճիկեանը, ան իր նախնական ուսումը ստացած է Քէսապի Նահատակաց վարժարանին մէջ 1958-1967 թ․, երկրորդական ուսումը Պէյրութի Հայ Աւետարանական գոլէճին մէջ 1967-1975 թուականին, ապա աւարտած է AUB 1975-1979 թ․, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, որպէս Գիւղատնտեսագէտ։


Հալէպի մէջ, տնօրէնի պաշտօն զբաղեցուցած է Բէթել վարժարանէն ներս 1983-1986 թ, իսկ 1986-2000 թուականը եղած է Հալէպի Հայ ծերանոցի տնօրէն, իսկ 2001-2015 թուականը դարձեալ, որպէս տնօրէն պաշտօնավարած է Ասորի Աւետարանական վարժարանէն ներս եւ Սուրիոյ պատերազմի պատճառով տեղափոխուած է Աւստրալիա:

Համազգայինի Սեւան մասնաճիւղի վարչութիւնը յաջողութիւն կը մաղթէ Պրն. Անդրանիկ Ինճիճիկեանին, յարատեւելու իր ազգանուէր գործին մէջ։

Յաւելեալ Աշխատանքներ. _ Extra works

1979_1980 Research Assistant in ICARDA Aleppo Syria ( International Agricultural Centre)

1980_1982 Syrian obligatory military service

1980_2000 Running an agricultural business shop and a farm in Kessab _Syria

2001_2010 Director of summer camping Centre (KCHAG ) kessab _Syria

2003_2015 Running a bookstore in Aleppo_Syria

2015_2016 Running an agricultural store of ADO company in Beirut Lebanon

2017 Tafe Northern Sydney _ Horticulture

2018_2019 Horticultural jobs in Sydney

comments

Advertisement