Քորոնա ժահրի Յայտարարութիւն Աւստրալահայերու Ուշադրութեան

By ANC-AU | Saturday, 14 March 2020



Սիրելի՛ Աւստրալահայ Համայնքի Անդամներ,


Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կապի մէջ է Աւստրալահայ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններուն, դպրոցներուն եւ ակումբներուն հետ (մարզական, մշակութային եւ այլ), վստահ ըլլալու համար, թէ բոլորը լաւապէս տեղեակ են Աւստրալիոյ դաշնակցային եւ նահանգային կառավարութեանց թելադրանքներուն մասին, լաւագոյն ձեւով պայքարելու համար «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) տարածման դէմ, որը Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան (World Health Organisation) կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ որպէս համաճարակ (pandemic):

Ուրբաթ, 13 Մարտ 2020-ին, Աւստրալիոյ կառավարութիւնը, հետեւելով բժշկական բարձրագոյն տնօրէնութեան թելադրանքներուն եւ հանդիպում ունենալէ ետք նահանգապետերուն հետ, թելադրեց հետեւեալը.-

ա- Երկուշաբթի, 16 Մարտէն սկսեալ, դադրեցնել 500 անհատէ աւելի ոչ անհրաժեշտ հաւաքոյթները, «Քորոնա» ժահրի տարածման վտանգին պատճառով:

բ- Հաւաքոյթները դադրեցնելու թելադրանքին մէջ չեն ներառուած դպրոցները, համալսարանները, հանրային փոխադրամիջոցներն ու օդակայանները:

գ- Մեծ թիւով հաւատացեալներ ունեցող եկեղեցիները պարտին նկատի ունենալ կազմակերպելու յաւելեալ արարողութիւններ, ներկաներու թիւը 500-էն նուազ պահելու նպատակով:

դ- Ազգային նոր խորհրդաժողով մը,  բաղկացած նահանգային, տարածքային եւ դաշնային ղեկավարներէ, շաբաթական հերթականութեամբ նիստեր պիտի գումարէ քննարկելու Աւստրալիոյ վիճակը «Քորոնա» ժահրի տարածման կապակցութեամբ:

Նախապէս յայտարարուած նախազգուշացումներու շարքին են՝

Աւստրալիոյ կառավարութեան համաձայն, «Քորոնա» ժահրով վարակուելու մեծ վտանգի ենթարկուած կը համարուին հետեւեալ երկիրներու ժողովուրդները.-

- Չինաստան

- Պարսկաստան

- Իտալիա

- Քորէա

Ճամբորդութեան սահմանափակումներ տնօրինուած են՝ Չինաստանէն, Պարսկաստանէն, Իտալիայէն  եւ Քորէայի հանրապետութենէն ժամանող ճամբորդներուն համար: Օտարերկրեայ քաղաքացիները Աւստրալիա մուտք չեն կրնար գործել եթէ վերոյիշեալ երկիրներու մէջ գտնուած են նախորդող 14 օրերու ընթացքին, բացառութեամբ՝ մշտական բնակիչներուն, Աւստրալացիներու անմիջական ընտանիքի անդամներուն եւ օդանաւային գիծերու անձնակազմին:

Վերոյիշեալ երկիրներու ճամբորդներէն բացի, «Քորոնա» ժահրով վարակուելու մեծ վտանգի մէջ են.-

-        Անխոցելիութիւնը արգելակող հիւանդութիւն ունեցող անհատներ (օրինակ՝ Քաղցկեղով տառապող հիւանդներ):

- Տարեցներ

- «Ապօրիճինիներ» եւ «Թորես Նեղուցի» կղզիներու բնակիչներ, որովհետեւ անոնք ունին երկարատեւ հիւանդութեան աւելի բարձր ցուցանիշներ

- Երկարատեւ բժշկական վատթար պայմաններու մէջ գտնուող մարդիկ

- Շատ փոքր երեխաներն ու նորածինները

- Խմբային բնակավայրերու մէջ ապրող մարդիկ

- Կալանավայրերու մէջ գտնուող մարդիկ

Տակաւին պարզուած չէ շատ փոքր երեխաներու եւ նորածիններու վարակման վտանգի աստիճանը, ինչպէս նաեւ երեխաներու հիւանդութեան փոխանցման հաւանականութիւնները: Մինչ օրս, «Քորոնա» ժահրով վարակուած երեխաներու թիւը քիչ է, համեմատած վարակուողներու ընդհանուր թիւին:

Առ այժմ, աշխարհի տարածքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակոուած աւելի քան 130 հազար հաստատուած դէպքեր, որոնցմէ մահացած են աւելի քան 4800 անձ: Աւստրալիան յայտարարած է վարակման 200-է աւելի դէպքեր, որոնցմէ 26-ը բուժուած են եւ երեք հիւանդներ՝ մահացած:

- Աւստրալիոյ մէջ յայտարարուած վարակուողներէն 15-ը ունեցած են ուղղակի կամ անուղղակի ճամբորդութիւն դէպի Ուհան, Չինաստան:

- 10 դէպքեր, որոնցմէ մէկ մահացող, արձանագրուած են (Diamond Princess) Ճաբոնէն վերադարձող ծովապտոյտի մասնակցողներէն:

- Վարակուողներէն 18-ը ունեցած են ուղղակի կամ անուղղակի ճամբորդութիւն դէպի Պարսկաստան:

- 70 վարակուող պարագայ ուղղակի կամ անուղղակի ճամբորդութիւն ունեցած են դէպի զանազան երկիրներ, որոնց շարքին են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Անգլիա, Իտալիա, Ճաբոն, Թայլանտ, Սինկափուր, Իսլանտա, Քորէա, Ինտոնեզիա, Ֆիլիփփին, Թայուան, Քուպա, Թրինիտատ եւ Թոպակօ, Նեփալ, Եգիպտոս, Աւստրիա, Ֆրանսա, Սպանիա եւ Հոնկ Քոնկ:

- 29 պարագայ, որոնցմէ երկուքը մահացած են, արտերկիր որեւէ ճամբորդութիւն չեն ունեցած: Յիշեալ պարագաներէն 8-ը տեղի ունեցած են Նիու Սաութ Ուէյլզ նահանգի մէջ տարեցներու խնամքի հաստատութեան մը մէջ: Ցաւ ի սիրտ, վարակուողներէն երկուքը մահացած են: Երկու պարագայ ուղղակի կամ անուղղակի կապուած են Սեմինարի մը, մնացեալ 19 պարագաները սերտ յարաբերութիւններ ունեցած են վարակուած անձերու հետ: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդուին:

- 14 նոր արձանագրուած դէպքերու վարակման պատճառները քննութեան մէջ են:


Մեր թելանդրանքները մեր համայնքին՝

ա- Ներկայ դրութեամբ, տեղեակ չենք պահուած եթէ ոեւէ Աւստրալահայ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:

բ- Եթէ նոր վերադարձած էք Չինաստանէն, Պարսկաստանէն, Իտալիայէն, Հարաւային Քորէայէն, Ճաբոնէն կամ Մոնկոլիայէն, կը խնդրենք հետեւիլ Դաշնակցային կառավարութեան ցուցմունքներուն՝ 14 օրեր ինքնամեկուսացման ենթարկուիլ եւ չմասնակցիլ որեւէ ձեռնարկի, չներկայանալ դպրոց կամ աշխատավայր:

գ- Եթէ որեւէ հիւանդութեան ախտանշաններ ունիք, տուն մնացէ՛ք եւ դիմեցէ՛ք բժշկական խորհրդատուութեան: Խուսափեցէ՛ք ներկայ ըլլալու որեւէ հանրային ձեռնարկի, մի յաճախէք  դպրոց կամ աշխատավայր:

դ- Հետեւեցէ՛ք Նիու Սաութ Ուէյլզի կառավարութեան ցուցմունքներուն, ուր կը խնդրուի անհատներու եւ հաստատութիւններու օգնութիւնը, կանխելու համար «Քորոնա» ժահրի հաւանական տարածումը կրիփի եղանակը չսկսած, հետեւելով հետեւեալ պարզ միջոցներուն՝

- Ձեռքերը լուալ յաճախակի կերպով

- Հազալու եւ փռնգտալու ժամանակ քիթն ու բերանը ծածկել արմուկով

- Տուն մնալ անհանգիստ զգալու պարագային

- Այցելել բժիշկին պարզ հիւանդութիւններու եւ վիրաւորուելու պարագային

ե- Հետեւեցէ՛ք Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան դիմատետրի էջին (www.facebook.com/ArmeniaOnline), ուր կը տեղադրուին տեղեկութիւններ Աւստրալահայ իրադարձութիւններու մասին, ինչպէս ձեռնարկներու փոփոխութիւններ, դպրոցներու փակում, մարզական ակումբներու ծանուցումներ, եւայլն:

զ- Եթէ Աւստրալահայ համայնքի որեւէ կազմակերպութեան կամ հիմնարկի պաշտօնատար անձ էք, կը խնդրենք տեղեկացնել մեզի այն բոլոր ձեռնարկներուն եւ գործունէութիւններուն մասին, որոնք ժահրի պատճառով տեղի պիտի չունենան, դիմելով admin@anc.org.au հասցէին, որպէսզի Արմենիա Մետիայի միջոցաւ զանոնք յայտարարենք:

է- Ուիլուպիի Հայ Մշակութային կեդրոնին մէջ պիտի ամբարուին անհրաժեշտ առարկաներ կարիքաւոր ընտանիքներուն համար եւ պիտի կազմակերպուի այդ առարկաներու առաքումը  դէպի տուները: Նման եւ այլ օգնութիւններու պարագային կը խնդրուի կապ հաստատել մեզի հետ admin@anc.org.au ե.նամակի հասցէին, կամ Հայ Մշակութային կեդրոնի անդամ կազմակերպութիւններու ձեր ներկայացուցիչներուն հետ:

Կը խնդրենք մեր համայնքէն լրջօրէն մօտենալ «Քորոնա» ժահրի սպառնալիքին, առանց խուճապի մատնուելու: Կ’աղօթենք բոլոր անոնց համար, որոնք ազդուած են այս ժահրէն եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ իշխանութիւններուն հետ յաղթահարելու համար անոր սպառնալիքը:


Ջերմ բարեմաղթութիւններով՝

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ

comments

Advertisement