Աւստրալիացի Եւ Հայ Երեսփոխաններ Համացանցային Քննարկում Ունեցան Քորոնա Ժահրին Դէմ Պայքարին Գծով

By Asbarez | Friday, 24 April 2020

0423aust

ՈՒԻԼԸՊԻ, Աւստրալիա․- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին համակարգումով, 22 Ապրիլին տեղի ունեցաւ աւստրալիացի եւ հայ երեսփոխաններու միջեւ համացանցային քննարկում մը, որուն ընթացքին կարծիքներ եւ փորձառութիւններ փոխանակուեցան  «Քորոնա» ժահրին դէմ տարուող պայքարին գծով։

Քննարկումին մասնակցող Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Թրենթ Զիմըրմըն, որ Աւստրալիոյ խորհրդարանի Առողջապահութեան յանձնախումբի ատենապետն է, իսկ հայկական պատուիրակութիւնը՝ Արման Բոշեան, որ Աւստրալիա-Հայաստան բարեկամութեան խմբակի համատենապետն է:

Քննարկումը համադրեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Կայսերեան։

comments

Advertisement