By SBS | Sunday, 26 April 2020
ՔՈՎԻՏ-19-ը անձէ-անձ կը տարածուի հետեւեալ կերպով՝
Դաշնային կառավարութեան կայքին համաձայն, քորոնա ժահրի ախտանշանները կը տարբերին թեթեւ հիւանդութենէ մինչեւ թոքատապ:
ՔՈՎԻՏ-19ի ախտանշանները նման են հարբուխի և տենդախառն հարբուխի ախտանշաններուն և կը ներառեն՝
Իշխանութիւններ մշակեցին ՔՈՎԻՏ-19 Ախտանշաններու Ստուգում որ կրնաք գործածել տունէն. https://www.healthdirect.gov.au/symptom-checker/tool/basic-details
Եթէ ախտանշաններ ունենաք Աւստրալիա ժամանելէ ետք մինչեւ 14 օր կամ մինչեւ 14 օր այն ժամանակէն երբ կապ ունեցած էք մէկու մը հետ որ հաստատ վարակուած է ՔՈՎԻՏ-19-ով, պէտք է այցելէք ձեր բժիշկին անյետաձգելի քննարկումի համար:
Հեռաձայնեցէք ձեր բժիշկին ժամադրութեան մը համար կամ կապ հաստատեցէք ազգային Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան թէժ գիծին հետ1800 020 080: Մի՛ այցելէք առողջութեան բուժարան մը կամ հիւանդանոց մը առանց նախապէս տեղեկացնելու անոնց որ ախտանշաններ ունիք:
Ժամանելէն առաջ, հեռաձայնեցէք առողջութեան բուժարան կամ հիւանդանոց և անոնց տեղեկացուցէք ձեր ճամբորդութեան պատմութիւնը կամ որ շփում ունեցած էք անձի մը հետ որ վարակուած է ՔՈՎԻՏ-19ով: Պէտք է մեկուսացած մնաք ձեր տան կամ պանդոկի մը մէջ կամ առողջապահութեան խնամքի տակ մնաք մինչեւ որ առողջապահութեան իշխանութիւններ հաստատեն որ ապահով է որ վերադառնաք ձեր սովորական գործերուն:
Եթէ շնչառութեան դժուարութիւն ունիք կամ բժշկական արտակարգ իրավիճակի մէջ էք հեռաձայնեցէք 000:
1) Պիտի ստուգուիք եթէ՝
2) Պիտի ստուգուիք նաեւ եթէ ջերմութիւն ունիք կամ սուր շնչառական վարակում և կամ այս հանգամանքներէն մէկը ձեզի կը վերաբերի՝
Այս ստուգումի նուազագոյն չափանիշն է: Նահանգներ և հողամասեր կրնան իրենց ստուգումի չափանիշները ընդլայնել չթէ կարողութիւնը ունին:
Յստակ բուժում չկայ քորոնավայրըսներու համար, սակայն ախտանշաններու մեծ մասը կարելի է բուժել օժանդակ բժշկական խնամքով: Մանրէասպան դեղեր ազդեցիկ չեն ժահրերուն դէմ:
Որոշ վարակուած անձեր նոյնիսկ չեն հիւանդանար, ուրիշներ թեթեւ ախտանշաններ ցոյց կուտան որոնցմէ դիւրութեամբ կը բուժուին և ուրիշներ շատ արագ կերպով ծանր կը հիւանդանան: Այլ քորոնավայրըսերէ նախապէս ստացած փորձառութեամբ, լուրջ վարակումի վտանգի տակ կը գտնուին հետեւեալ անձերը՝
Ձեռքի և փռնգտալու/հազի լաւ առողջաբանութիւն կիրառելը և ուրիշներէ հեռաւորութիւն պահելը երբ հիւանդ էք, ամենա լաւ պաշտպանութիւնն է ժահրերու մեծամասնութեան դէմ:
1) Ամէն մարդ որ Աւստրալիա կը ժամանէ 15 Մարտ 2020 կէս գիշերէն ետք, կամ կը կարծեն որ շփում ունեցած են անձի մը հետ որ հաստատ վարակուած է ՔՈՎԻՏ-19ով, կը պահանջուի որ ինքնամեկուսանան 14 օր:
2) Բոլոր ճամբորդները որոնք Աւստրալիա կը ժամանեն 28 Մարտ 2020 կէս գիշերէն ետք, պարտադիր 14 օր պէտք է ինքնամեկուսանան նշանակուած յարմար վայրի մը մէջ (օրինակի համար, պանդոկ մը):
Ճամբորդներ. ներգաղթի, մաքսատան և ուժեղացուած առողջութեան համապատասխան քննութիւններէ ետք, ուղղակի պիտի տեղափոխուին նշանակուած յարմար վայրեր:
Աւստրալիական Պաշտպանական Ուժի անձնակազմը պիտի սատարէ տեղական ոստիկանութեան և այցելէ աւստրալիացիներուն տուները և բնակարանները, որոնք պարտադիր ինքնամեկուսացման մէջ են, ինչպէս հրահանգուած է նահանգային և հողամսերու կառավարութիւններուն կողմէ և պիտի տեղեկացնեն տեղական ոստիկանութեան եթէ անհատը կը գտնուէր իր բնակարանին մէջ:
3) Եթէ ախտաճանաչուած էք ՔՈՎԻՏ-19ով, պէտք է տունը մնաք:
Ընկերային հեռաւորութիւնը միջոց մըն է դանդաղեցնելու համար ժահրերու տարածումը ինչպէս ՔՈՎԻՏ-19ը: Որչափ տարածութիւն կայ ձեր և ուրիշներու միջեւ, այնքան դժուար ժահրը կը տարածուի:
Կը ներառէ նաեւ խուսափիլ դպնալէ իրերու կամ մակերեսներու (ինչպէս դուռերու բռնակներ կամ սեղաններ) որոնք վարակուած են հազով կամ փռնգտուքով անձէ մը որ հաստատ վարակուած է ՔՈՎԻՏ-19ով:
Հաւաքոյթները սահմանափակուած են երկու անձերու
Աւստրալիական Ազգային Դահլիճը համաձայնեցաւ ներքին և արտաքին հաւաքոյթները սահմանափակել միայն երկու անձերու: Այս սահմանափակումները ուժի մէջ են Երկուշաբթի Մարտ 30ի կէսգիշերէն:
Այս սահմանափակումի բացառութիւնները կը ներառեն՝
Իւրաքանչիւր նահանգ և հողամաս կրնան պարտադրել այս պահանջները:
Տունը մնալ
Ազգային Դահլիճի հաստատ ուղեցոյցը բոլոր աւստրալիացիներուն այն է որ տունը մնան բացի եթէ՝
Խաղավայրեր, չմշկավայրեր եւն
Ազգային Դահլիճը համաձայնեցաւ որ խաղավայրեր, չմշկավայրեր և հանրային վայրերու մէջ գործող դուրսի մարզական ծրագիրներ փակ մնան: Bootcamp-եր պիտի կրճատուին միայն երկու անձերու, ներառեալ մարզիչը:
Երէց աւստրալիացիներ և անոնք որոնք առողջական խնդիրներ ունին
Անոնք որոնք 70 տարեկանէն վեր են և աւստրալիացիներ որոնք գոյութիւն ունեցող առողջական վիճակ ունին:
Ազգային Դահլիճի աւստրալիացիներուն տուած հաստատ խորհուրդն է տնային մեկուսացումը որչափ հնարաւոր է երկար՝
Ինչ կը պատահի եթէ չէք հնազանդիր ընկերային հեռաւորութիւն պահելու օրէնքներուն կախում ունի թէ որ մէկ նահանգին մէջ կը բնակիք:
Կրնամ՞ ընտանիքի և բարեկամներու այցելել տարեցներու խնամքի հաստատութիւններու մէջ
Խնդրեմ նկատի առէք որ նահանգներ և հողամասեր իւրայատուկ օրէնքներ ունին իրենց իրաւասութիւններուն մէջ:
Աւստրալիոյ տարածքին որպէս օրէնք, մի այցելէք տարեցներու խնամքի հաստատութիւններ եթէ՝
Համայնքին մէջ վիրաբուժական դիմակներ միայն օգտակար են կանխելու, որ մարդիկ որոնք վարակուած են ՔՈՎԻՏ-19ով, չտարածեն ուրիշներուն: Եթէ առողջ էք, պէտք չ'ունիք հագնելու երեսի պաշտպանիչ դիմակ մը որովհետեւ քիչ ապացոյց կայ որ առողջ մարդոց կողմէ գործածուող դիմակները կը կանխեն ժահրի տարածումը հանրութեան մէջ:
Եթէ պէտք է մեկուսանաք, պէտք է օգտագործէք երեսի պահպանիչ դիմակ մը (եթէ ունիք) հետեւեալ պարաքաներուն՝
Աւստրալիացիներ պէտք է խուսափին ոչ անհրաժեշտ ներքին ճամբորդութիւններէ: Նահանգներ և հողամասեր կրնան իրենց անհատական սահմանափակումները հաստատել, ներառեալ իրենց սահմանները փակել: Վիքթորիա, Նիու Սաութ Ուելս և Աւստրալիական Մայրաքաղաքի Հողամասը միակն են որ տակաւին իրենց սահմանները փակած չեն:
Աւստրալիացիներ չեն կրնան արտասահման ճամբորդել 25 Մարտ 2020-էն սկսեալ, որոշ բացառութիւններով:
Միայն աւստրալիացի քաղաքացիներ, բնակիչներ և անմիջական ընտանիքի անդամներ կրնան Աւստրալիա ճամբորդել: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ Տնային Հարցերու Գերատեսչութեան կայքը:
Աւստրալիա ժամանող բոլոր ճամբորդներէն կը պահանջուի որ ինքնամեկուսանան 14 օր, իրենց տան մէջ կամ պանդոկի մը մէջ:
Եթէ ճամբորդներ չեն հնազանդիր 14 օր ինքնամեկուսացումի պահանջներուն, կրնան որոշ պատժամիջոցներու ենթարկուիլ որ գոյութիւն ունի իւրաքանչիւր Նահանգի կամ Հողամասի մէջ:
Վերջին նորութիւններուն և յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելէ՝ www.smartraveller.gov.au
Վարչապետը գործի դրաւ՝ Նովել Քորոնավարիուսի (ՔՈՎԻՏ-19) Արտակարգ ԻրավիճակներուՊատասխան Ծրագիրը:
Դժուարութեան կարգադրութիւններ ուժանիւթի, ջուրի և հարկերու համար
Ճկուն վճարումներու հնարաւորութիւն կը տրուի բոլոր տնային տնտեսութիւններուն և փոքր ձեռնարկութիւններուն, որոնք ֆինանսական դժուարութեան մէջ կը գտնուին:
Ճկունութիւն որոշ այցագիրներ ունեցողներուն համար
Աշխատող արձակուրդի այցագիր ունեցողներ: Մէկ գործատուի հետ վեց ամիս գործի սահմանափակումէ պիտի ազատուին, եթէ անոնք կ'աշխատին ճգնաժամային ճարտարարուեստի մը մէջ ինջպէս՝ առողջութիւն, տարեցներու խնամք, անկարողութեան խնամք, երեխաներու խնամք, գիւղատնտեսութիւն և սնունդ, և իրաւունք պիտի ունենան նոր այցագիրի մը եթէ ներկայ այցագիրի ժամանակը լրանայ յաջորդ վեց ամիսներու ընթացքին:
Եղանակային Գործաւորներու Ծրագիր և Խաղաղական Գործաւորներու Ծրագիրներու մասնակիցներ. հնարաւորութիւն պիտի ունենան երկարաձգելու իրենց այցագիրները մինչեւ մէկ տարի:
Ժամանակաւոր Մասնագիտական այցագիր ունեցողներ. Ժամանակաւոր գործատէրի կողմէ երաշխաւորուած այցագիրներ, ինչպէս ենթադաս 457 և 482, որոնք կորսնցուցած են իրենց գործը, 60 օր ունին գտնելու ուրիշ երաշխաւոր մը կամ պէտք է հեռանան Աւստրալիայէն:
Եթէ անոնք ներկայիս գործէ զրկուած են բայց հեռացուած չեն, կամ իրենց աշխատանքի ժամերը կրճատուած են, այս պիտի չնկատուի որպէս իրենց այցագիրներու պայմանի խախտում: Այս տնտեսական տարուայ մէջ, անոնք կրնան մինչեւ $10,000 վերցնել իրենց կենսաթոշակի (superannuation) հիմնադրամէն:
Միջազգային ուսանողներ:
Զբօսաշրջիկներ. պէտք է վերադառնան իրենց երկիրը, յատկապէս անոնք որոնք ընտանեկան աջակցութիւն չ'ունին:
Գործ փնտրողի վճարում (Jobseeker payment)
Ստանալու համար JobSeeker Payment վճարումը, պէտք է բաւարարէք հետեւեալ բոլոր պայմանները՝
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար ստուգէ Ծառայութիւններ Աւստրալիա կայքը՝ https://www.servicesaustralia.gov.au/individuals/services/centrelink/jobseeker-payment
Գործ փնտրողի վճարում (JobKeeper Payment)
Կառավարութիւնը աշխատավարձի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ մոտ 6 միլիոն գործաւորներու, որոնք երկու շաթաթը մէկ, նախքան տուրքը, $1500 տոլարի վճարում պիտի ստանան իրենց գործատէրի միջոցով:
$130 միլիառ տոլարի JobKeeper վճարումը պիտի նպաստէ որ աւստրալիացիներ գործի մէջ մնան: Վճարումը պիտի տրուի գործատէրերուն մինչեւ վեց ամիս, իւրաքանչիւր իրաւունք ունեցող գործաւորի համար որոնք իրենց մոտ կ'աշխատէին 1 Մարտ 2020ին և գործի մէջ կը մնան կամ կը շարունակեն աշխատիլ այդ գործատէրի մոտ: Գործատէրեր, երկու շաբաթը մէկ $1500 տոլարի վճառում մը պիտի ստանան իւրաքանչիւր իրաւունք ունեցող գործաւորի համար: Ծրագիրը սկսաւ 30 Մարտ 2020-ին և իրաւունք ունեցող ձեռնարկութիւններ առաջին վճառումը պիտի ստանան Մայիսի առաջին շաբաթը:
Երեխաներու խնամք
Մոտ մէկ միլիոն ընտանիքներ պիտի ստանան երեխաներու ձրի խնամք քորոնավայրըսի համաճարակի ժամանակ: Այս ծրագրով, կառավարութիւնը պիտի վճառէ հատուածի վարձքերու եկամուտին 50 առ հարիւրը մինչեւ ներկայ ժամական վարձաչափը հիմնուած այն ժամանակէն առաջ երբ ծնողքներ սկսան իրենց երեխաները մեծ թիւով հանել խնամքի կեդրոններէն: Դրամագլուխը պիտի սկսի գործել Ապրիլ 6էն:
Ընտանեկան բռնութեան օժանդակութիւն
Սկզբնական $150 միլիոն պիտի տրամադրուի օգնելու համար աւստրալիացիներուն որոնք, քորոնավայրըսի հետեւանքով, ընտանեկան կամ սեռական բռնութեան կ'ենթարկուին:
Մտային առողջութեան օժանդակութիւն
Սկզբնական $74 միլիոն պիտի տրամադրուի աջակցելու համար բոլոր աւստրալիացիներու մտային առողջութեան և բարօրութեան: Կառավարութեան թուային մտային առողջութեան հարթակը, Գլուխէ Առողջութիւն (www.headtohealth.gov.au), հեղինակաւոր տեղեկութեան և ուղղութեան միակ աղբիւրը պիտի ըլլայ, թէ ինչպէս կարելի է պահպանել մտային լաւ առողջութիւն քորոնավայրըս համաճարակի ժամանակ և ինքնամեկուսացման մէջ, ինչպէս նեցուկ կանգնիլ երեխաներուն և ընտանիքի անդամներուն և ինչպէս յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ մտային առողջութեան ծառայութիւններու և խնամքի մասին:
comments