Առցանց Յայտագիր.- Աւստրալահայութիւնը հրաւիրուած է տօնակատարելու Հայաստանի Առաջին Անկախութեան 102-րդ տարեդարձը Մայիս 28-ին

By armenia.com.au | Saturday, 23 May 2020



Սիտնի.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կերոնական Կոմիտէն կազմակերպած է առցանց յայտագիր՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Անկախութեան եւ Հանրապետութեան Հռչակման 102-րդ տարեդարձին։

Յայտագրիրը պիտի սփռուի ուղիղ եթերով Արմենիա Մետիայի Facebook-ի էջին վրայ, Հինգշաբթի 28 Մայիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին:

«Եկէք միասին վերապրինք Մայիսեան յաղթանակները եւ փառաբանենք Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի հերոսներու սխրագործութիւններն ու ձեռքբերումները».- յայտարարեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն։

«Բարեհաճեցէք տարածել հետեւեալ link-ը ձեր բարեկամներուն եւ հարազատներուն, որպէսզի իրենք ալ առիթը ունենան հետեւելու յայտագրին.- www.facebook.com/ArmeniaOnline/live/»։

comments

Advertisement