Սրբազան Հօր Հաղորդագրութիւնը Առ Ի Պատասխան Աւստրալահայ Համայնքի Քննադատութիւններուն

By armenia.com.au | Monday, 15 June 2020

Սիտնի.- Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Հայկազուն Արք. Նաճարեանը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը որպէս պատասխան վերջերս կատարուած քննադատութիւններուն հեռատեսիլի ծրագրի մը հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին կատարած արտայայտութեան թէ Աւստրալիա հաստատուած առաջին սերունդը եղած է ոչ շատ զարգացած տարր մը, որոնք չեն կրցած երթալ Ամերիկա, Գանատա կամ Եւրոպա:

Այս արտայայտութիւնը ստեղծած էր ժողովրդային դժգոհութեան մեծ ալիք մը եւ «Արմենիա Մետիա»-ն իր խմբագրականով (կարդալ) արտացոլեց այս մտահոգութիւնը պահանջելով նաեւ որ սրբագրութեան ենթարկուի արտայայտութիւնը, որ վիրաւորական էր գաղութի զաւակներուն:

Սրբազան Հօր վարը յիշուած յայտարարութիւնը նշեալ սրբագրումը չէր կատարեր, բայց կը խոստանար այլ յայտարարութիւններ կատարել յառաջիկայ օրերուն, հետեւաբար այս հանգրուանին կը վերապահենք մեր տեսակէտը յայտնել, մինչեւ Սրբազան Հօր յաջորդ հաղորդագրութեան հրապարակումը:

comments

Advertisement