Աւստրալիոյ Հայ Դատը Հայաստանին Աջակցելու Դիմում Կը Կատարէ Երկրին Կառավարութեան

By Asbarez | Friday, 19 June 2020



Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայաստանի մէջ վարակման ցուցանիշի մտահոգիչ աճէն մեկնած՝ Աւստրալիոյ կառավարութենէն խնդրեց անյապաղ օգնութիւն յատկացնել Հայաստանի Հանրապետութեան՝ համաճարակին դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու համար:

Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ կապ հաստատած է Հայաստանի արտաքին գործոց եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն հետ եւ տեղեկացած է երկրին անհրաժեշտ բժշկական սարքերու մասին, որմէ ետք այդ սարքերուն ցանկը փոխանցած է Աւստրալիոյ արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ առողջապահական ոլորտի արդիւնաբերութեան մարզի ներկայացուցիչներուն:

Այս առնչութեամբ, Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսէրեան ըսաւ հետեւեալը. «Մեր համայնքը շատ անհանգստացած է Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակման պարագաներուն աճով, որ օրէ օր հարիւրներով կ՛աւելնայ: Մեր պարտքն է աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանի մէջ բնակող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն» եւ յոյս յայտնեց ժահրին դէմ բարեյաջող պայքար մղող Աւստրալիան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրնայ օգնութիւն տրամադրել:

comments

Advertisement