Բողոքի ցոյց Գանպերայի Ազրպէյճանական Դեսպանատան դիմաց

By ANC-AU | Friday, 31 July 2020



Գանպերա.- Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2020-ին, շուրջ հարիւր Աւստրալահայեր (քորոնա ժահրի համաճարակի պատճառաւ սահմանափակուած) Սիտնիէն Գանպերա ուղղուեցան, մասնակցելու համար Գանպերայի Ազրպէյճանական դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին, դատապարտելով Պաքուի մարտագրգիռ յարձակումները Հայաստանի Հիւսիս-Արեւելեան սահմանին վրայ, յայտարարեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը:

Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած բողոքի ցոյցը արտայայտեց Աւստրալահայ համայնքին վրդովումն ու դատապարտումը հանդէպ Ազրպէյճանցի բռնապետ նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի թշնամական ռազմական գործողութիւններուն ու պատերազմի մղող  հռետորութեան, որը իր գագաթնակէտին հասաւ Հայաստանի դէմ Չեռնոբիլիի ոճով կորիզային ահաբեկչութիւն կատարելու սպառնալիքով:

Վերջին տասը օրերուն, ազերիները անտեսելով միջազգային միջնորդութեամբ զինադադարի պահպանման իրենց պարտաւորութիւնները եւ քորոնա ժահրի համաճարակի առնչութեամբ համաշխարհային զինադադարի ՄԱԿ-ի վերջին զանգերը, շարունակեցին իրենց թշնամական «Յարձակիլ, Մեղադրել, Կրկնել» գործելակերպը, գործածելով անօդաչու սարքեր, հրասայլեր եւ հրետանային զէնքեր, նպատակադրելով կրակել քաղաքացիական դիրախներու վրայ, վտանգելով հայ տղամարդիք, կանայք եւ երեխաներ, PPE արտադրական գործարանը եւ մանկապարտէզը հարուածելու գործընթացքով:

Բողոքի ցոյցին մասնակցողները պահանջեցին միջազգային հանրութեան դատապարտումը Ազրպէյճանի բռնապետութեան յստակ սադրանքներն ու սպառնալիքները:

«Ազերիներուն կողմէ իրագործուող պատերազմական գործողութիւններուն համար, Պաքուն տակաւին որեւէ նկատողութիւն կամ դատապարտում չէ ստացած միջազգային հանրութեան կողմէ»,- իր խօսքին մէջ ըսաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Արամ Թիւֆէնքճեան:

«Այսօր, մենք հոս ենք ըսելու, ո՛չ աւելիին»:

«Երբ Ազրպէյճան յարձակի միջազգայնօրէն չճանչցուած Արցախի հանրապետութեան հայութեան վրայ, դժբախտաբար սովորական դարձած է մեզ համար, երկու կողմերու զսպուածութեան միջազգային կոչերը, առանց դատապարտելու եւ պատասխանատուութեան կանչելու օրինազանցող կողմը», պարզեց Թիւֆէնքճեան:

«Մենք բոլորս գիտենք, որ գոյութիւն ունի միայն մէկ նախայարձակող: Ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ, գոյութիւն ունի միայն մէկ կողմ, որ չ’ընդունիր թնդանօթաձգութեան համակարգերու տեղադրումը սահմանին վրայ: Այդ Հայաստա՞նն է: Ո՛չ: Արդեօ՞ք Արցախն է: Ո՛չ, որովհետեւ խաղաղութիւն սիրող ազգերը, բնիկ տեղացիները, պատերազմ չեն ուզեր: Անոնք միայն խաղաղութիւն կը փնտռեն: Մենք միայն խաղաղութիւն կը փնտռենք»:

«Սակայն Ազրպէյճան, կը մերժէ սահմանի զինադադարը խախտող կողմը սահմանող արուեստագիտութիւնը, որովհետեւ այդ պարագային որեւէ բան պիտի չկարողանայ լռեցնել ճշմարտութիւնը»:

«Ալիեւի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակի, կորիզային ահաբեկչութիւն կատարելու սպառնալիքը գրաւեց կարգ մը նշանաւոր լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը, որոնց շարքին էին՝ Forbes եւ The Washington post, որոնք նաեւ նկատած էին, թէ քարիւղով հարուստ բռնակալը, խաղաղապահ ԵԱՀԿի մինիսկի խմբակը անուանած էր որպէս «անիմաստ», յարձակումներէն քանի մը օր առաջ, մինչդեռ նախորդ շաբթուայ ընթացքին, Պաքուի փողոցներուն մէջ տասնեակ հազարաւորներու «Մահ Հայաստանի» եւ «Վերջ մեկուսացման-սկիզբ պատերազմի» կոչերը դրսեւորեցին անոր բռնի հռետորութիւնը»:

Գանպերայի բողոքի ցոյցը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէր, պատերազմի հռետորութեան բորբոքման վրայ, վերաքննութեան ջատագով՝ թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ, որ տակաւին կը շարունակէ ժխտել 105 տարիներ առաջ իր իրագործած Հայոց Ցեասպանութիւնը:

«Ազրպէյճանի կրակին վրայ վառելանիւթ աւելցնողը, անոր մեծ եղբայրը՝ թուրքիոյ հանրապետութիւնն է, որուն արտաքին գործոց նախարարութիւնը անվերապահ աջակցութիւն յայտնեց, Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի բանակի յարձակման», պարզեց Թիւֆէնքճեան:

«Այս շարունակութիւնն է, Թուրքիա-Ազրպէյճան երկուորեակներու միջեւ երկար տարիներու համագործակցութեան, պարտադրելու համար Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական մեկուսացումը եւ խաբանելու Արցախահայութեան ժողովրդավարութեան եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքները»:

Ցուցարարները կը բարձրացնէին զանազան կարգախօսեր, ինչպէս՝ «Կա՛ց Ալիեւ», «Արցախը Հայկական է», «Ամօթ Պաքուին», «Դուք պատերազմ կ’ըսէք, մենք խաղաղութիւն», «Դուք քարիւղ կը վաճառէք, մենք իրականութիւն», «Մեր զինուորներուն հետ», «Ուժեղ Տաւուշ» եւ այլն:

Ազրպէյճանի դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էլճան Հապիպզատէ, որ պատուհանէն կը հետեւէր բողոքի ցոյցին, մերժեց Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան նամակը անձամբ ընդունիլ: Նամակը ընթերցուեցաւ ցուցարարներուն եւ յանձնուեցաւ Աւստրալիոյ դաշնակցային ոստիկանութեան, որպէսզի փոխանցուի Աւստրալիոյ մէջ Պաքուի ներկայացուցիչին:

Ցոյցը կերպարանաւորուեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան անդամ՝ Հրանդ Պէօճիկեանի հայերէն լեզուով ազդեցիկ ուղերձով, որուն յաջորդեցին Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամններ՝ Աննա Պէրպէրեանի եւ Սարին Զէյթունեանի, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ՝ Վաչէ Գահրամանեանի խօսքերը:



Ձայնասփիւռի զանազան կայաններ հաղորդեցին ցոյցը, մինչդեռ SBS լուրերու հերուստատեսութիւնը ներկայ էր տեսախցիկներով:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը, որ Աւստրալահայ համայնքի հանրային կապերու գլխաւոր մարմինն է, գրաւոր կերպով խնդրած է Աւստրալիոյ կառավարութենէն բացայայտօրէն դատապարտել Հայաստանի Ադոմակայանին նկատմամբ Ազրպէյճանի սպառնալիքները եւ քորոնա ժահրի քօղին տակ շարունակուող անոնց ռազմական յարձակումները:

«Աւստրալահայ համայնքին խնդրանքն է, որ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը միանշանակ դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու եւ Հայաստանի ադոմակայանին դէմ հրթիռային յարձակումները սկսելու Ազրպէյճանի աննկատելի սպառնալիքները»,- ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:

«Ամբողջ երկրի մը համար կորիզային ահաբեկչութեան սպառնալիքը եւ անոր հաւանական ազդեցութիւնը ամբողջ տարածաշրջանին եւ սահմանակից երկիրներուն վրայ, կարելի չէ անպատասխան մնայ միջազգային հանրութեան կողմէ: Մենք խստօրէն կը պահանջենք, որ Աւստրալիան աւելցնէ իր բողոքի եւ դատապարտութեան ձայները, միջազգային համապատասխան ուղիներով»:

Ամբողջ ցոյցը կարելի է դիտել սեղմելով այստեղ։

comments

Advertisement