Բողոքի ցոյց՝ Աւստրալիոյ Ազերիական դեսպանատան դիմաց, Հարիւրաւոր Աւստրալահայերու մասնակցութեամբ

By armenia.com.au | Saturday, 10 October 2020


Կազմակերպութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Երեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2020-ին, հարիւրաւոր Աւստրալահայեր մեկնեցան Գանպերա, Ազերիական դեսպանատան դիմաց բողոքի ձայն բարձրացնելու, 27 Սեպտեմբերին սկիզբ առած Ազրպէյճանի վայրագ եւ անօրէն յարձակումներուն դէմ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղելու Աւստրալիոյ կառավարութեան եւ միջազգային հանրութեան լուռ չմնալ եւ դատապարտել Ազերիներու ոճրագործութիւնները:

Շուրջ հինգ հարիւր ցուցարարներ հաւաքուեցան Գանպերայի Ազերիական դեսպանատան դիմաց, դատապարտելու Արցախի եւ Արցախահայութեան դէմ կատարուող անմարդկային յարձակումները եւ զօրակցութիւն յայտնելու իրենց արեան գնով մեր սահմանները պաշտպանող անձնուէր բանակին եւ բազմաթիւ հերոսներուն:

Յատկանշանական էր Յոյն եւ Ասորի գաղութներէն ցուցարարներու մասնակցութիւնը կազմակերպուած այս ցոյցին, որոնք իրենց ներկայութեամբ կատարեալ զօրակցութիւն կ’ուզէին յայտնել Արցախահայութեան:

«Արցախը Հայաստան է», «Պայքար, պայքար մինչեւ վերջ», «Ամօթ Ալիեւին», «Ո՛չ պատերազմին», «Այսօր Արցախ, վաղը՝ Վան», «Յաղթելու ենք» եւ այլ կոչեր, ինչպէս նաեւ բարձրացած բազմաթիւ պաստարներ հարազատօրէն կը նկարագրէին անարդարութեան դէմ Աւստրալահայերու բողոքը, պայքարի ոգին եւ յաղթելու կամքը:

Բողոքի ցոյցը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով, առաջնորդութեամբ Սիտնիի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Աւետիս Քահանայ Համբարձումեանին, ապա ընթերցուեցաւ  վերջի քանի մը օրերու ընթացքին, Հայրենիքի սուրբ հողին համար իրենց կեանքերը նուիրած հերոսներու անունները, յարգանքի տուրք մատուցանելու անոնց անմահ յիշատակին:

Յայտագիրը վարեցին Կարինէ Թորոսեան եւ Մայքլ Գոլոգոսեան: Յայտագրի ընթացքին Հ.Յ.Դ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան անունով խօսք առին, Սարին Սողմոնեան՝ անգլերէն լեզուով  եւ Ճորճ Շիշոյեան՝ հայերէն լեզուով: Ցուցարարներու անունով Ազերիներու դեսպանին ուղղուած նամակը ընթերցեց, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամ՝ Զաւեն Մագսուտեան: Խօսք առին նաեւ Հ.Յ.Դ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան եւ Աւստրալիոյ Մէջ Արցախի հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ՝ Քայլար Միքայէլեան:


Հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան գաղութիս Տաղանդաւոր երգիչներէն՝ Ռաֆֆի Ատուրեան եւ «Արմենիա ձայն» նախագիծի մրցանակակիր եւ «Աւստրալիոյ ձայն» նախագիծի կիսաեզրափակիչ փուլին հասնող հայրենի Տաղանդաւոր երգչուհի՝ Մաշա Մնջոյեան: Մաշա վերջի քանի մը տարիներուն հաստատուած է Աւստրալիա: Ան ցոյցի աւարտին խօսք առնելով ըսաւ, թէ ան հպարտ է Աւստրալահայութեամբ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Արցախեան հայրենիքի նիւթական աջակցութեան կարեւորութեան:

Ցոյցը տեղեկագրուեցաւ Աւստրալիական եւ Անգլեական լրատուամիջոցներու եւ թերթերու կողմէ, որոնցմէ են՝ 7 news, ABC, SBS, The Guardian եւ The Canberra time:

«Յարձակումը անուանեցէք յարձակում, նախայարձակին անուանեցէք նախայարձակ եւ անոր օգնող ու քաջալերող թուրքին նոյնպէս»,- 7 news-ին ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան:

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը հիմնուած էր ծաւալապաշտականութեան վրայ, հիմնուած էր հաւատքի եւ ազգայնութեան վրայ եւ ինչ կը տեսնենք այսօր, այդ  նոյն բաղադրիչներն են», աւելցուց Գայսէրեան:

Իր կարգին ցուցարար Վաչէ Գահրամանեան ըսաւ, «Վերապահ մնալը չի դադրեցներ աշխարհի ամենամեծ բախումներէն մէկը: Առաջնորդներու գործնական միջամտութեամբ միայն կարելի է ապահովել զայն եւ մարդոց վերադարձնել բանակցութեան սեղան»:

comments

Advertisement